ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ «ՀԱՐԻՍԱՅԻ ԶԱՏԻԿ»Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

21151726_822159481277270_1398258229049302682_nԳնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 26-27 Օգոստոս 2017, շաբաթավերջին, բազմաթիւ ներկաներու մասնակցութեամբ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով տօնուեցաւ Վաքըֆգիւղի Աւանդական Խրախճանքը։ Հանդիսութեանց նախագահեց՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան։

26 Օգոստոս, Շաբաթ, Ժամը 21.00-ին եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ կատարուած աղօրհնէքի արարողութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնները։ Արարողութեան հանդիսապետեց՝ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեն, Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, Հիւրաբար քաղաքս գտնուող Արժ. Տ. Պարթեւ Քհնյ. Քարաքաշեան եւ Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ.Թապաշեան, Վաքըֆգիւղի Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Ճէմ Չափար եւ ընկերները։ Կատարուած արարողութեամբ հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան նաեւ Վաքըֆգիւղի վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներ՝ Տ. Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Գարթունեան, Տ. Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեան ու հանգուցեալ գիւղացիները։ Արարողութեան աւարտին Հայր Սուրբը յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ընտանիքին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բարի ժամանց մաղթեց բոլորին։

Հոգեւոր Հանդիսութեան աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական հանդիսութիւն, որուն հանդիսապետեց Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հայրը։ Ներկայ էր նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Հոգեւոր Հայրեր։ Միհրան Ուլիկեանի ողջոյնի խօսքէն յետոյ, §Ոմանք¦ Խումբը ներկաներուն ներկայացուցին տեղական աւանդական երգեր։ Մինչեւ կէս գիշեր, ներկաներ մեծապէս ոգեւորուած պարեցին երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։ Յայտագրի աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզը տեղադրուած Հարիսայի Կաթսաներու մէջ եփիլ սկսաւ աւանդական մատաղը եւ մինչեւ առաւօտեան ժամերը շարունակեց պատրաստական աշխատութիւնները։

Իսկ, 27 Օգոստոս, Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսաւ տօնական արարողութիւնները։ Ժամերգութեան աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը զանգակներու ղօղանջով առաջորդուեցաւ Եկեղեցի եւ Իր նախագահութեամբ սկսաւ Ս. Պատարագը։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Քարաքաշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Բրշ. Սայաթ Սրկ. Չնարեան, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ դպիրներ։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը Տեղապահ Սրբազան Հայրը, Ս. Հոգւոյ ներկայութեան վրայ կանգ առնելով յիշեցուց թէ՝ մեր հաւաքական կեանքէն ներս եթէ Ս. Հոգւոյ ներկայութեան տեղ տանք, այդ կեանքը աւելի անոյշ ու օրհնեալ կը դառնայ։ Հակառակ պարագային մենք մեր մէջէն արտաքսած պիտի ըլլանք Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ Իր շինիչ զօրութիւնը։ Ապա, անդրադարձաւ Վաքըֆգիւղի Եկեղեցւոյ եւ գիւղի կեանքի իրականութեան ու ըսաւ. «Երկու շաբաթ առաջ առաջին անգամ այցելեցի այդ գիւղը։ Մեծապէս տպաւորուեցայ ներկայ կեանքը եւ ծրագիրները տեսնելով։ Մեզմէ հեռու են անոնք եւ շատ անգամ առանձին։ Այդ պայմաններու տակ կը գոյատեւեն որպէս Հայ եւ կանգուն կը պահեն իրենց իւրայատուկ գիւղական կեանքը եւ բարբառը։ Իրենցմէ դաս պէտք է քաղենք այդ առումով, որովհետեւ Աստուծոյ ներկայութեան ու շինիչ զօրութեան օրինակը ունինք մեր առջեւ։ Մենք եւս հրաւիրուած ենք մեր աւանդական կեանքը կանգուն պահելու եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ»։

Անդրադարձաւ նաեւ Պատրիարքական Ընտրութեանց զարգացումներուն, հրաւիրեց հաւատացեալները որպէսզի եկեղեցւոյ ցանկերու մէջ այժմէականացնեն իրենց անձնական տուեալները ու արձանագրել տան իրենց անունները։

Արորողութեան աւարտին, կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն, նորոգ վախճանեալ Տ. Նարեկ Արքպես. Շաքարեանի, Հանգուցեալ գիւղացիներու եւ ի մասնաւորի նորոգ հանգուցեալ Սարգիս Զուրնաճըի հոգւոցն ի հանգիստ։ Ապա, Սրբազան Հայրը թափորով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ պարտէզը տեղադրուած հարիսայի կաթսաներուն մօտ։ Այստեղ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ Սրբազան Հայրը օրհնեց պատրաստուած հարիսան, որ արարողութեան աւարտին, ներկայ ժողովուրդին բաժնուեցաւ։

Մինչ այդ, Տեղապահ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, ներկայ հոգեւոր հայրեր, Սահակեան եւ Ներսէսեան Դպրաց Դասերու անդամներ, սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան։ Յարութիւն Աբեղան, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Տեղապահ Սրբազան Հօր նախագահութեան համար, յետոյ հիւր հոգեւոր հայրերուն եւ ի վերջոյ հիւր քոյր Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբին։ Գնալը Կղզիի ժողովուրդը, առիթը գտած էր այս գունագեղ մթնոլորտի տեսքը վայելել։ Այնուհետեւ, հրաւիրեց միասնաբար երգել ու աւելի գեղեցկացնել այդ մթնոլորտը։ Սեւան Ակօշեանի առաջնորդութեամբ միաբերան երգուած երգերու աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը գնահատեց Սահակեան Երգչախումբը եւ յիշեցուց թէ՝ նոյն երգչախումբէն հասած Խաչիկ Եըլմազեանի հետ անցեալին ինք Մարսէյլի մէջ հիմնած էր այլ երգչախումբ մը։ Յորդորեց ներկաներուն որպէսզի վառ պահեն իրենց այդ ոգեւորութիւնը եւ փոխանցեն ապագայ սերունդներուն։

Video: https://www.facebook.com/127576530735572/videos/820876291405589/

  • 21106790_822436271249591_3752206713305715655_n
  • 21149940_822439447915940_8066697049221149097_n
  • 21150080_822439181249300_409523557498167539_n
  • 21150106_822439477915937_5874695625504898768_n
  • 21150293_822438407916044_7016586351891457256_n
  • 21150332_822438474582704_7329622328468514453_n
  • 21151445_822439621249256_2467646434950084707_n
  • 21191891_822439954582556_1465246155955892490_n
  • 21191916_822436127916272_3038957962990192586_n
  • 21192362_822436364582915_7377864047245168016_n
  • 21192458_822437224582829_6388468924442093932_n
  • 21230946_822438824582669_2547861905014088526_n
  • 21231007_822439071249311_2080546279291019381_n
  • 21231100_822437277916157_5961643425700000899_n
  • 21231986_822437294582822_803062065131430124_n
  • 21270868_822438574582694_6418696343384089512_n