ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈԼԻՍԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Կրօնական
img_4230Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, 16 Նոյեմբեր 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, նախկին վեհարանի սրահին մէջ ընդունեց, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տիար Մկրտիչ Սէրթշիմշէքը։
Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսքով ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով այցելու հոգեւորականները եւ այս առթիւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց։ Սրբազան Հայրը, հակիրճ ձեւով ներկայացուց այցելուները, որոնք արձակուրդի առիթէն օգտուելով, առաջին անգամ ուխտաւորաբար կ՚այցելէին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։ Այս առթիւ Տէր Հօր ձեռամբ նուիրուեցաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ հրատարակութիւն՝ «Յուշամատեան Գատըգիւղի» հատորները։ Նուիրուեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ հրատարակութիւններէն մակագրեալ նմոյշներ, որոնց եւս հեղինակն էր Տէր Հայրը։ Նուիրուեցաւ նաեւ Գնալը Կղզիի Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասու հրատարակութիւնը՝ «Սուրբ Երկիրը կը Կանչէ» գիրքը, որ պատրաստուած է Յարութիւն Աբեղայի կողմէ, իր սարկաւագութեան շրջանին։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց եւ գնահատեց Պատրիարքական Աթոռոյ աշխատութիւնն ու ծրագիրները ։ Յաջողութիւն մաղթեց նաեւ հետագայի գործունէութեանց մէջ։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, Մայր Աթոռոյ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց եւ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու բոլոր անդամներուն փոխանցեց իր Հայրապետական օրհնութիւնները։ Այցելուներ հրաժեշտ առին մեծ ոգեւորութեամբ ու շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբութեան ընծայուած ընդունելութեան համար։