ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՇԱՀԱՆ Ս. ԱՐՔԵՊՍ. ՍՎԱՃԵԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

sahan sirpazan 1Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամ, Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Ս. Եկեղեցեաց բազմամեայ քարոզիչ՝ Տ. Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 1 Հոկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի եւ մասնակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռի ողջ հոգեւորականաց դասու, սարկաւագաց եւ դպրաց դասու անդամներու։

Արարողութեանց իրենց ներկայութիւնը բերին Ուկրանիոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգորիս Արքեպս. Բունիաթեան, որ կը ներկայացնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Պուլկարիոյ առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեան, Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներէն՝ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբան Գերպ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարաեան։ Քաղաքիս քոյր եկեղեցիները յարգելով Հայ Եկեղեցւոյ բազմամեայ հոգեւորականի վաստակը իրենց ներկայացուցիչներով մասնակցեցան արարողութեան. Յունաց Ն.Ս. Տ. Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչներ՝ Տ. Կոստանդին եւ Տ. Իրինէոս Ս. Մետրոպոլիտները, Ասորի Ուղղափառաց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Ս. Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի աջակից եպիսկոպոս՝ Գերպ. Տ. Գէորգ Եպս. Խազումեան, Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան, Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ քաղաքիս Պապական Փոխանորդ՝ Մոնս. Լուի Փլաթրի ներկայացուցիչ՝ Հայր Լորէնցո Վարդապետ Փիրէթթո, Քաղդեացւոց Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան։ Յանուն քաղաքիս Հրեայ համայնքին, արարողութեանց իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ, Րաբունապետ Ռավ Իզհաք Հալէվա, ընկերակցութեամբ Խախամապետարանի Դիւանապետ Եուսուֆ Ալթընթաշի։ Գլխաւորութեամբ համայքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մեր հաւատացեալ ժողովուրդը փութացած էր իր վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանել, հանդէպ՝ Հայ Եկեղեցւոյ անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի սան՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպս.Պէքճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սուրբ Եկեղեցեաց դպրաց դասերու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Էտվին Յարութիւն Ուր. Դպ. Կալիպեանի։

cenaze (17)Յընթացս Ս. Պատարագին հանգուցեալ Սրբազան Հօր դագաղը հոգեւորականներու կողմէ ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին Օծման Կարգը, ձեռամբ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի, որ դամբանախօսեց «Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալ թողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր» (Յովհ. ԺԶ.28) բնաբանով։ Դամբանախօսութենէ յետոյ Տ. Գրիգորիս Արքեպիսկոպոս կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ցաւակցական նամակը։ Կարդացուեցան նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Սուրբ Երուսաղէմի Հայոց Ն.Ա.Տ. Նուրհան Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցականները։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%be%d5%a5%d6%80%d5%bb%d5%ab%d5%b6-%d6%85%d5%ae%d5%b8%d6%82%d5%b4-%d5%a5%d6%82-%d5%a9%d5%a1%d5%b2%d5%b8%d6%82%d5%b4-%d5%b0%d5%b8%d5%a3%d5%a5%d5%ac%d5%b8%d5%b5%d5%bd-%d5%bf-%d5%b7%d5%a1%d5%b0%d5%a1/

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%b6-%d5%bd-%d6%85-%d5%bf-%d5%bf-%d5%a3%d5%a1%d6%80%d5%a5%d5%a3%d5%ab%d5%b6-%d5%a2-%d5%a1%d5%b4%d5%a5%d5%b6%d5%a1%d5%b5%d5%b6-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%b8%d6%81-%d5%af%d5%a1%d5%a9%d5%b8%d5%b2%d5%ab/

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%b6-%d5%bd-%d6%85-%d5%bf-%d5%bf-%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b4-%d5%a1-%d5%b4%d5%a5%d5%ae%d5%ab-%d5%bf%d5%a1%d5%b6%d5%b6-%d5%af%d5%ab%d5%ac%d5%ab%d5%af%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%af%d5%a1%d5%a9%d5%b8%d5%b2/

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ Ն.Ա.Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%a1%d5%b2%d5%a7%d5%b4%d5%ab-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%b8%d6%81-%d5%b6-%d5%a1-%d5%bf-%d5%b6%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%b0%d5%a1%d5%b6-%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%ab%d5%a1%d6%80/

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Սրբազանին օծեալ ճակատն ու աջը։ Ապա դագաղը բերուեցաւ ատեան, ուր Ս. Խաչ Դպրեվանքի սաներ, կեռոն ի ձեռին իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցանէին վարժարանի երբեմնի տեսուչին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին նախագահեց՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Վախճանեալ Սրբազան Հօր դագաղը կ՚ընթանար յամրաքայլ, շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Աւետարանի ընթերցմամբ, սաղմոսներով եւ աղօթքներով։ Հաւատացեալ ժողովուրդը տամկացած աչքերով կը հետեւէր արարողութեան, աղօթակցելով եկեղեցական հայրերուն։

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սկիւտարի Գերեզմանատան Ս. Խաչ Թաղամասին մէջ, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը։ Հայ Եկեղեցւոյ վաստակաշատ հոգեւորականին մարմինը ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

cenaze (33)Թաղման Կարգէն ետք, եկեղեցւոյ Կիւլպէնկեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ հոգեճաշի սեղան, ուր կատարուեցաւ հանգստեան աղօթք։ Իր սրտի խօսքերով հանդէս եկաւ Շահան Սրբազան Հօր աշակերտներէն Գարեգին Արքեպիսկոպոս, որ շեշտեց երախտագիտական զգացումի կարեւորութիւնը։ Երախտիքով յիշեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիմնադիր՝ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Պատրիարք Խաչատուրեանը եւ նորոգ հանգուցեալ Շահան Սրբազան Հայրը, որուն տեսչութեան շրջանին աշակերտած էր իրեն եւ վայելած իր հայրագորով հոգածութիւնը։ Երանութեամբ յիշեց իր աշակերտութեան օրերը երբ առիթը ունեցած էր վարժարանի սաներուն հետ լսել Շահան Սրբազան Հօր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի երբեմնի խնամակալներէն եւ ուսուցիչներէն Բրշ. Արտաշէս Սրկ. Նշանեան։ Վախճանեալ Սրբազան Հօր ձեռնասուններէն՝ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, սրտի խօսքին մէջ յիշեց իր մանկութեան օրերը, երբ տակաւին տասը տարեկան պատանի, ինք եւ ընկերները Սրբազան Հօր ետեւէն կը վազէին աջը առնելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Անդրադարձաւ թէ՝ Սրբազան հօր օրհնութիւնը իրենց համար մեծ արժէք կը ներկայացնէր, իսկ իր հայրական թելադրութիւնները՝ խրախուսիչ էին։ Յիշեց թէ խորապէս կը տպաւորուէին իր սահուն Հայերէն արտայայտութէնէն։ Հոգեճաշի սեղանը աւարտեցաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

  • cenaze (1)
  • cenaze (2)
  • cenaze (3)
  • cenaze (4)
  • cenaze (5)
  • cenaze (6)
  • cenaze (7)
  • cenaze (8)
  • cenaze (9)
  • cenaze (10)
  • cenaze (11)
  • cenaze (12)
  • cenaze (13)
  • cenaze (16)
  • cenaze (17)
  • cenaze (19)
  • sahan sirpazan 1
  • cenaze (23)
  • cenaze (24)
  • cenaze (26)
  • cenaze (29)
  • cenaze (30)
  • cenaze (31)
  • cenaze (33)
  • cenaze (36)