ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ

Kategori: Կրօնական

aram srp karoz

Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալ թողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր
Յովհաննէս, ԺԶ. 28

Այս պահուն, առաջի Սրբոյ Սեղանոյ կը յիշենք նախ քան իր խաչելութիւնը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին մէկտեղումը եւ արտասանած կտակի խօսքերը։ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն այս խօսքերը կը համադրեն երեք տարուան իր քարոզութիւնը։ Այդ խօսքերով կը բնութագրուին հրաժեշտի պատգամ մը. սիրոյ սկզբունքին վերընդգծումը. մարդոց փրկութեան եւ առ Աստուած քալելու համար կենսական ցուցմունքը։ Այդ խօսքերուն մէջ կը շեշտուի Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեան տարբերութիւնը աշխարհիկ խաղաղութենէն։ Այդ խօսքերուն մէջ կայ նաեւ քաջալերական արտայայտութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհին յաղթած Քրիստոսը։ Սակայն այդ խօսքերէն մին շատ դիպուկ է, եւ զայն կը վերյիշենք ամէն անգամ որ եկեղեցականի յուղարկաւորութեան ներկայ կը գտնուինք, մանաւանդ պատրաստական արարողութեան.  «Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալ թողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր»։ Երկրաւոր առաքելութիւնը իր աւարտին հասցուցած հոգեւորականը, յաւիտենական հանգիստի յուղարկաւորութեան կը պատրաստուի իր ափին դրուած խունկով եւ Ս. Աւետարանի այս համարի գրութեամբ։

Քահանայական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը սկիզբ մըն է նոր կեանքի։ Եկեղեցւոյ աւազանէն ծնած եւ աշխարհ իջած անձ մը, կը թողու աշխարհը եւ կը վերադառնայ հոն, ուր արժանացած էր վերստին ծննդեան, այս անգամ լիիրաւ ծառայելու համար Աստուծոյ եւ Ս. Եկեղեցիին։ Աղօթելու, ժողովուրդին աղօթող բերանները ըլլալու կոչումն ու ուխտը մշտնջենական է եւ կþանդրանցնի երկրի ժամանակաւոր սահմանները ու կը մնայ յաւիտեան։ Սակայն իրականութիւն է, նաեւ, թէ մահը կու գայ երկրաւոր կեանքին վերջակետը դնելու։ Որքան ալ դառն ըլլայ բաժանումը, նոյնինքն Քրիստոսի մխիթարական խօսքերը կու գան ամոքել մեր մորմոքած սրտերը եւ կը յիշեցնեն, թէ Մխիթարիչ մը ունինք. Աստուծոյ Սուրբ Հոգին։

Թէեւ մեր մխիթարութիւնը կը գտնենք այս հաւատքով, սակայն մարդկայնաբար կը դժուարանանք  արտայայտուիլ իր ամբողջ կեանքը մեր Եկեղեցիին նուիրած անձի մը մասին, որ այսօր իր երկրաւոր առաքելութեան էջը գոցած՝ կը մեկնի աշխարհէն յաւիտենական կեանքին յոյսովը, որուն տարիներ շարունակ քարոզիչը եղաւ։ Այս երկրաւոր առաքելութեան ընդմէջէն կը յայտնաբերուի Սրբոց Յակոբեանց Միաբան մը, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի նուիրեալ եկեղեցական գործիչ մը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հաւատարիմ Միաբան եպիսկոպոս մը եւ մանաւանդ ներկան նկատի ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն բարձրաստիճան հոգեւորականը։

Մեր բոլորին սիրելի Շահան Սրբազան Արքեպիսկոպոսի անշնչացած մարմնին առջեւ ո՞ր բառերով կրնանք գծել իր անձին մէջ յայտնաբերուած իրաւ հոգեւորականի տիպարը։ Թորոսի եւ Մարթայի որդին Սիմոնը, թոռը բազմաչարչար ընտանիքի, ի տղայ տիոց եկեղեցասէր, երիտասարդ տարիքին իր գլուխը խոնարհեցուց  եւ իր վրայ առաւ Քրիստոսի լուծը, լցեալ՝ Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհքով եւ վերակոչուելով՝ Շահան Աբեղայ։ Սուրբ Երուսաղէմի օրհնեալ եւ խնկաբոյր աւանդական մթնոլորտը առինքնած էր զինքը։ Մանաւանդ վանական արարողութիւնները, մեր եկեղեցւոյ սրբատեղեաց իրաւունքներու պաշտպան անձնդիր միաբաններու կենցաղը իր մէջ կերտեցին անսակարկ նուիրումով ծառայասիրութեան տիպարը, որ վառ մնաց մինչեւ իր վերջին շունչը։

Շահան Սրբազան Հայրը եղաւ բազմակողմանի ձիրքերով օժտուած եկեղեցական մը։ Որպէս քահանայ, որպէս տեսուչ, որպէս քարոզիչ, որպէս ուսուցիչ, որպէս ժողովական ստանձնեց պաշտօններ։

Իր արդարութեամբ զգեցեալ քահանայութիւնը, առիթ ընծայեց որ հաւատացեալներ ցնծալով ցնծան։ Որպէս տեսուչ Հայֆայի եւ Եաֆայի, իր ծառայութիւնը եղաւ եկեղեցւոյ իրաւանց եւ կանոնաց պահպանութեան ուղղութեամբ։ Որպէս քարոզիչ, իր դրոշմը դրաւ այս քաղաքին մէջ, մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին վրայ։ Մեր եկեղեցիներուն ուխտաւոր ժողովուրդը տարիներ շարունակ, մանաւանդ Մեծ Պահոց ընթացքին, ըմբոշխնեց իր հայրական յորդորները, բղխած՝ Ս. Գրքի կենսանորոգ աստուածային պատգամներէն։ Որպէս ուսուցիչ, կրցաւ թափանցել մանուկներու անմեղունակ սրտերէն ներս եւ ցանել մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կրօնական ապրումներու նկատմամբ սիրոյ սերմեր։ Այդ սերմերը եթէ նոյնիսկ տասնապատիկ չպտղաբերեցին, իր հայրական թելադրութիւնները բաւեցին, որ այդ սիրասուն մանուկները  կապուին մեր համայնքային կեանքին։

Իր վարչական եւ ժողովական ծառայութեանց մէջ ցայտուն կերպով յայտնուած է այն գիծը, որ կը կայանար խաղաղասիրութեան վրայ։ Խաղաղութեան, սիրոյ եւ համերաշխութեան ջահակիրը եղաւ ան։ Ոմանք այդ նկարագրի գծին նկատմամբ ունեցան այլ մերձեցումներ, սակայն հակառակ այս բոլորին ան շարունակեց հաւատարիմ մնալ այդ սկզբունքին, որ ցուցիչն էր իր սրտին մէջ բիւրեղացած սիրոյ եւ եղբայրսիրութեան զեղուն զգացմանց։ Շահան Սրբազանի սիրտը այն աստիճան բարութեամբ եւ սիրով լեցուած էր, որ Հայ ոսկեղնիկ լեզուին ոխ, քէն, քինախնդրութիւն եւ այլ նոյնիմաստ բառերը չեն կրցած հոն թափանցել։ Այդ կարելի է եղած պարզ այն պատճառաւ, որ Շահան Սրբազան հաւատացած էր Քրիստոսապարգեւ խաղաղութեան զօրութեան։ Ի զուր չէ որ Ան, մանաւանդ վերջին տարիներուն եղաւ անյիշաչարութեան յուշարձանը, իր ընդգրկած վեհ կեցուածքով։

Շահան Սրբազան Հայրը գործակցեցաւ Գարեգին Ա, Շնորհք, Գարեգին Բ. պատրիարքներու հետ։ Յետագային շարունակեց գործակցիլ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր,  որուն հիւանդութիւնը կարեվէր խոցած էր իր սիրտը։ Որպէս հայրագորով հոգեւորական յաճախ իր արտասուքներով արտայայտած էր մեր երիտասարդ հոգեւոր պետին նկատմամբ ունեցած սէրը։ Մանաւանդ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին արտասահմանեան ահաբեկչական դէպքերը երբ իրենց անդրադարձը կþունենային համայնքի առօրեայ կեանքին վրայ,  եւ երբ համայնքային երեւելի անձերէն շատեր կը խուսափէին պատրիարքի կողքին գտնուելէ, Շահան Սրբազանը կանգնեցաւ մեր հոգեւոր պետին կողքին, որպէս պատասխանատուութեան եւ կոչումին գիտակից եկեղեցական։ Գարեգին Բ. Պատրիարքին անձին մէջ առաջին իսկ մէկ օրէն տեսաւ Սաղիմական միաբանակից եղբայր մը, եւ այդ մերձեցումով շարունակեց իր հոգեւոր գործունէութիւնը ըստ նախընթացի, օրինակ հանդիսանալով շատերուն։ Մեզի համար անմոռանալի պիտի մնայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հիւանդութեան շրջանին իր գործակցելու պատրաստակամութիւնը, զոր յայտնեց ընդառաջելով մեր հրաւէրին եկաւ եւ իր հայրական բարձր ներկայութեամբ գլխաւորեց Պատկ. Կրօնական Ժողովը։  Բիւր յարգանք իր օրհնեալ վաստակին։

Շահան Սրբազան, ոչ միայն սիրեց Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան արարողութիւնները, այլ նաեւ թելադրեց սիրել եւ միշտ գնահատեց բոլոր անոնք որոնք իրենց ծառայութեամբ պատնէշի վրայ կը պահէին եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները։ Գիտցաւ գնահատել իրաւ արժէքները, մանաւանդ եկեղեցւոյ ծառայողները, մեր կրթական մշակները, մամլոյ սպասաւորները, գրչի մշակները։ Սրբոց Յակոբեանց Վանքին մէջ ստացած կրթութիւնը իր մէջ կերտած էր Հայ լեզուին, գիրին ու գրականութեան նկատմամբ անխառն սէր։ Հարազատ Սկիւտարցի, խոր յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ կը մօտենար մեր հանգուցեալ մտաւորականներու դամբարաններուն, Սկիւտարի Գերեզմանատան մէջ։ Իր երախտագիտական այս կեցուածքով օրինակ հանդիսացած էր այլոց։

Շահան Սրբազան հայրը, իր հոգեւոր բեղուն գործունէութեան առընթեր միշտ պիտի յիշուի իր բարերարութեամբ։ Շատեր չկրցան հասկնալ իր վատնումէ հեռու վանականի ժուժկալ կեանքը, որուն մէջ գլխաւոր գիծն էր խնայասիրութիւնը։ Սակայն, Հայ եկեղեցւոյ այս նուիրեալ սպասաւորը իր ժողովուրդին կրցաւ ըսել. «Եւ զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմ»։ Նախ Մայր Աթոռին նուիրեց Էջմիածնի իր բնակարանը։ Ապա իր երեք յարկաբաժինները նուիրեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանին,  Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան Վարժարանին, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ եւ վարժարանին։

Իր քահանայութեան յիսնամեակին առթիւ արժանացած էր Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գնահատանքին, որ ընդառաջելով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խնդրանքին շնորհած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի շքանշանը։ Շահան Սրբազան իրեն համար մեծ արժէք ներկայացնող այս շքանշանին առընթեռ ունի աննիւթ շքանշան մը, որուն շատեր չեն կրցած արժանանալ։ Այդ շքանշանը ձեռագործն է նոյնինքն Շահան Սրբազանի, գործուած իր բարեմոյն նկարագրով։ Այդ աննիւթ շքանշանը իր անձին նկատմամբ մեր ժողովուրդի ցուցաբերած անխառն սէրն է։ Ան գիտցաւ իր առաքինութիւնները ի սպաս դնել Աստուծոյ գործին։ Աստուած, մարդը խաւարէն դուրս կանչեց իր սքանչելի լոյսին։ Աստուած օրհնեց իր համեստ ծառային նուիրաբերումը եւ առիթ ընծայեց, որ ան վերածուի կենդանի վէմի մը, շինուելու համար որպէս հոգեւոր տաճար, որպէս անարատ քահանայութիւն, որպէսզի մատուցանէ հոգեւոր պատարագներ, որոնք հաճելի ըլլան Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։

Սիրելի Շահան Սրբազան,  այսօր վերջին ողջոյնդ տուիր քու Սուրբ Եկեղեցիիդ, զոր այնքան սիրած էիր, վերջին անգամ ողջունեցիր Տիրոջ Սուրբ Սեղանը, որուն ծառայեցիր վաթսուն տարիներ, վերջին անգամ հրաժեշտ առիր քու առաջնորդած հաւատացեալ զաւակներէդ եւ խնդրեցիր անոնց աղօթքը։ Տուիր վերջին օրհնութիւնդ ըսելով. «օրհնեսցէ զձեզ Քրիստոս Փրկիչ մեր. պահեսցէ հաստատուն ի հաւատս իւր մինչեւ ի սահմանեալ կէտ կոչմանս այսորիկ. եւ խաղաղութիւն Տեառն եղիցի ընդ ձեզ յաւիտենից յաւիտեանս»։

Այժմ մենք կը խնդրենք քեզմէ. ելար աշխարհէն եկար եկեղեցի, այժմ թողուցիր եկեղեցին եւ դարձար՝ Հօր Աստուծոյ։ Գացիր միանալ Հայ Եկեղեցւոյ ուխտապահ եկեղեցականներու փաղանքին, որոնց օրինակովը ընթացար վաթսուն երկար տարիներ։ Քու հայրական քաղցրութիւնդ միշտ պիտի փնտռենք մեր շուրջը։ Նոյնիսկ ի սէր աւանդութեանց պաշտպանման ցուցաբերած քու սուրբ յամառութիւնդ եւ քաղցր բարկութիւնդ։ Քու երկնային կայքէդ շարունակէ աղօթել բոլորիս համար։ Հուսկ, մեր սրտի խօսքը կը կնքենք առ Քրիստոս դիմելով. «զՇահան Սրբազան Հայրն մեր, ընդ այլ ճշմարիտ հովիւսն զբրաբիօնն յաղթութեան ընկալցի ի քէն. եւ ամենայն սրբովք ուրախացեալ՝ փառաւորեսցէ զՀայր եւ զՈրդի եւ զՍուրբ Հոգիդ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն»։

Աստուած թողութիւն շնորհէ իր կամայ եւ ակամայ ունեցած թերութիւններուն. քաղցր ընէ իր դատաստանը եւ իր օրինակով եկեղեցական գործիչներ հանէ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մշակման համար, ի մխիթարութիւն մերազն հաւատացելոց. ամէն։