ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՅՈՎՀԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՍՏԱՆՊՈՒԼԵԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

der hovhanՊատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամ՝ Տ. Յովհան Աւ. Քհնյ. Ստանպուլեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 15 Նոյեմբեր 2013, Ուրբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան Պատրիարքական Աթոռի միաբան հայրերը, քահանայից դասը, Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան, ինչպէս նաեւ Տէր Հօր ընտանեկան պարագաները։

Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս.Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Սարկաւագներ՝ Ռոպէր Ք.Աքպուլութեան, Վաղարշակ Սերովբեան, Արթուն Տամատեան, Բարեկրօն Կ. Սարկաւագներ՝ Այգ Միւրզօղլու եւ Արմենակ Գազանճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Ատրուշան Ուր. Դպ. Հալաճեանի։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծումը կատարեց ու դամբանախօսեց, անդրադառնալով վախճանեալ Տէր Հօր եկեղեցանուէր կեանքին։ Տէր Հայրը ի տղայ տիոց սպասարկած էր Հայ Եկեղեցւոյ։ Որպէս լուսարար ծառայած էր Պէյօղլուի Եկեղեցեաց մէջ։ Իր օրինակելի բծախնդրութեամբ, թէ՛ եկեղեցականներու եւ թէ՛ վարչայիններուն գնահատանքին արժանացած էր։ Իր բծախնդրութիւնը կը պարտէր հաւատքին եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած սիրոյն։ Ան, 44 տարիներ առաջ իր մէջ զգաց էր եկեղեցական դառնալու կոչումը։ Քահանայութենէ յետոյ աւելի բծախնդրութեամբ շարունակած էր ծառայել իր եկեղեցիին եւ ունեցած՝ բազում ծխականներ։ Շատ լաւ շարականագէտ մըն էր եւ ունէր գեղեցիկ ձայն։ Իր գիտութիւնը եւ տաղանդը ի սպաս դրած էր Հայ Եկեղեցւոյ համար։ Այս բոլորը իր հաւատքին արտայայտութիւնը եղած էին։

Նորին Սրբազնութիւնը ցաւակցութին յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյ եւ հոգեւորականաց դասուն, Տէր Հօր երեցկնոջ եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։ Ցաւակցութիւնը յայտնեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր եւ նշեց որ Տ. Յովհան Աւ. Քհնյ.ի վախճանումով քահանայից դասը անդամ մը եւս կը կորսնցնէր։ Յոյս յատնեց որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը պարտն ու պատշաճը պիտի կատարէ, որպէսզի հոգեւորականաց դասը ունենայ նոր մշակներ եւ
վախճանեալ քահանայ հայերու տեղերը լեցուին նոր քահանայ հայրերով։ Մաղթեց որ Աստուած եկեղեցւոյ ծառայելու կոչում ունեցող Տէր Յովհանի նման ծառայասէր նոր մշակներ հանէ մեր ժողովուրդին մէջէն։

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Տէր Հօր օծեալ ճակատն ու աջը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շիշլիի Գերեզմանատան մէջ, որուն հանդիսապետեցեց՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հայ Եկեղեցւոյ վաստակաւոր սպասաւորին մարմինը ամփոփուեցաւ քահանայից թաղամասին մէջ։