ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՊՍԱԿ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

15 08 10 Der Bisag AMU (1)badarakՊատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամ՝ Տ.Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 10 Օգոստոս 2015, Երկուշաբթի, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատրիարքական Աթոռի միաբան հայրեր, քահանայից դասը, Հայ Կաթողիկէ համայնքէն Հոգշ. Տ. Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, ինչպէս նաեւ Տէր Հօր ընտանեկան պարագաները։

Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ ՝ Բրշ. Էտվին Յարութիւն Սրկ.  Կալիպեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Բրկ. Ռոպէր Ուր. Դպ. Տողանայի։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Սահակ Եպս., վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծումը կատարեց ու դամբանախօսեց։ Սրբազան Հայրը, յիշեցուց թէ շատերու համար անծանօթ է մահուան գաղափարը։ Մարդիկ երբ տեսնեն թէ ուրիշներ կը մահանան, կը կարծեն թէ իրենք երբեք պիտի չմահանան։ Երբեմն այս մտածելակերպով, կը փախչին մահը յիշեցնող վայրերէ, ի մասնաւորի եկեղեցիէն։ Սակայն աշխարհը կամուրջ մըն է եւ մահը այդ կամուրջի վերջին քայլափոխը։ Ուրեմն լաւ է հաշտ ըլլալ մահուան հետ եւ մեր կեանքը ըստ այնմ կարգաւորել։ Տէր Պսակ Քահանան, մօտաւորապէս քառասուն տարի, ծառայած է որպէս քահանայ։ Այսօր, ան բոլորելով իր երկրաւոր կեանքը, աւարտին կը հասնի այդ կեանքի կամուրջին։ Շատերուն համար ծանօթ է ան, քանի որ տարիներ շարունակ մկրտութիւններ, պսակներ, թաղումներ կատարած է։ Մանաւանդ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ունէր կարեւոր ձիրք մը, գլխաւորող ըլլալու կարողութիւնը։ Հմուտ էր Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին։ Գործ մը երբ ստանցնէր կը փափաքէր զայն յաջողցնել։ Եղած էր Պատրիարքական Ընտրութիւններու, նոյնիսկ Կաթողիկոսական Ընտրութիւններու պատգամաւոր։ Այսօր հոգեհենգստեան Ս. Պատարագով կը յուղարկաւորուի յաւիտենականութեան, ուր պիտի միանայ իրմէ առաջ եկեղեցւոյ սպասարկողներուն։

Նորին Սրբազնութիւնը ցաւակցութին յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյ եւ հոգեւորականաց դասուն, Տէր Հօր երեցկնոջ եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։ Նշեց որ քահանայ մը եւս վախճանած էր։ Մաղթեց որ Աստուած եկեղեցւոյ ծառայելու կոչում ունեցող նոր մշակներ հանէ մեր ժողովուրդին մէջէն եւ վախճանեալ քահանայ հայերու տեղերը լեցուին նոր հոգեւորականներով։

15 08 10 Der Bisag AMU (2)

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Տէր Հօր օծեալ ճակատն ու աջը։

vohcuynՅաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց՝ Արամ Արքեպս.։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պալըգլըի Գերեզմանատան մէջ, որուն հանդիսապետեց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։