ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԿՈՄԻԿԵԱՆԻ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

der isdepanՊատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն՝ Տ.Ստեփան Աւ. Քհնյ. Կոմիկեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 6 Դեկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց ու վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծումը կատարեց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Արարողութեանց ներկայ եղան Պատրիարքական Աթոռի միաբան հայրերը, քահանայից դասը, Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեան, ինչպէս նաեւ Տէր Հօր ընտանեկան պարագաները։

Ս. Պատարագը մատոյց վախճանեալ Տէր Հօր օծակիցներէն՝ Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան։ Ս.Սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Սարկաւագներ՝ Վահրամ Լուլէճեան, Արթուն Տամատեան, Բարեկրօն Կ. Սարկաւագներ՝ Այգ Միւրզօղլու եւ Արմենակ Գազանճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Ատրուշան Ուր. Դպ. Հալաճեանի։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան վախճանեալ Տէր Հօր վերջին օծումը կատարեց ու դամբանախօսեց, անդրադառնալով վախճանեալ Տէր Հօր եկեղեցանուէր կեանքին։ Տէր Հօր հայրն ալ եղած էր հոգեւորական յանձին Տէր Յովհաննէս Քահանան։ Ան, իր ընտանեկան յարկին տակ եղած էր եկեղեցասէր։ Ինք եւս իր մէջ զգացած էր եկեղեցական դառնալու կոչումը։ Բոլորին ծանօթ էր թէ իր մէջ գոյութիւն չունէր նենգութիւն, կեղծաւորութիւն։ Ինչ որ կը մտածէր, ան կ՚արտայայտէր, առանց կեղծաւորութեան։ Մեր բոլորին մօտ պէտք են իր նման բարի անձեր։ Երբեմն կը բարկանար, երբ կը տեսնէր իր շատ սիրած եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողական թերութիւնները։ Միշտ պիտի յիշենք զայն իր մաքուր կենցաղով։ Ուր որ ուղարկուեցաւ գնաց եւ առանց գանգատի կատարեց իր պաշտօնը։ Շատ լաւ գիտէր որ եկեղեցւոյ մէջ ինչ պէտք է ընել։ Հմուտ էր Հայ Եկեղեցւոյ ծէսին, երգեցողութեան։ Գործ մը կամ շատ լաւ կ՚ընէր, կամ չէր ըներ։ Այս մտածելով երբ ինքզինքը տկար զգաց, հանգստեան կոչուեցաւ եւ իր կեանքի այդ շրաջանին եւս մնաց եկեղեցւոյ երդիքին տակ որպէս աղօթող։ Այսօր հոգեհենգստեան Ս. Պատարագով կը յուղարկաւորուի յաւիտենականութեան, ուր պիտի միանայ իրմէ առաջ եկեղեցւոյ սպասարկողներուն։ Ան, իր երկրաւոր կեանքը լաւ օգտագործեց եւ լաւ պատրաստուեցաւ իր հանգստեան այս օրուան։

Նորին Սրբազնութիւնը ցաւակցութին յայտնեց Պատրիարքական Աթոռոյ եւ հոգեւորականաց դասուն, Տէր Հօր երեցկնոջ եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։ Նշեց որ քահանայ մը եւս վախճանած էր։ Մաղթեց որ Աստուած եկեղեցւոյ ծառայելու կոչում ունեցող Տէր Ստեփանի նման ծառայասէր նոր մշակներ հանէ մեր ժողովուրդին մէջէն եւ վախճանեալ քահանայ հայերու տեղերը լեցուին նոր հոգեւորականներով։

Վերջին Օծման կարգէն յետոյ, Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ եւ հոգեւորականներ երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Տէր Հօր օծեալ ճակատն ու աջը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի ելքի թափօրին հանդիսապետեց՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեան։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պալըգլըի Գերեզմանատան մէջ, որուն հանդիսապետեց՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։