ՎԻԳԷՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԱՅԳԱԶԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԵՏ

Kategori: Եկեղեցական

Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Գերշ. Տ. Վիգէն Արքեպս. Այգազեան, 9 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր հետ։

 

Նորին Սրբազնութիւնը, Պոլիս տուած իր կարճատեւ այլելութիւնը առիթ համարելով փափաքած էր այցելել Պատրիարքական Աթոռոյ նորընտիր գահակալը եւ շնորհաւորել զայն։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին, հիւր սրբազանը անգամ մը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի Պատրիարքական Աթոռը երկար ժամանակ յետոյ տիրացած էր իր նոր գահակալին։ Այս առթիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր մաղթեց քաջառողջ կեանք եւ բազմաբեղուն գործունէութիւն։

2020 VIKEN SRP

Նորին Ամենապատուութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ բարի գալուստ մաղթեց Վիգէն Սրբազանին։ Այս առթիւ յիշատակեց անցեալէ դրուագներ շեշտելով Պոլսոյ Աթոռոյ կարեւորութիւնը ու խնդրեց Սրբազան Հօր եւս աղօթակցութիւնը վասն անսասանութեան Պատրիարաքական Աթոռոյ։