Վիեննական Մխիթարեան Վարժարան, Բանկալթի

(Süleyman Nazif Sok. No. 9, 34371 Pangaltı)
Հիմնադիր՝ Պերճ Մենզիլճիօղլու Տնօրէնք՝ Եւա Օրագեան

էլտա Գարակէօզեան
Քաթիա Վարկը
Հեռ.՝ (0212) 246-6179, (0212) 248-0421
(0212) 247-7114
ֆաքս՝ (0212) 240-5613
Ել-նամակ՝ sekreterlik@pangaltilisesi.k12.tr Կայքէջ՝ http://www.pangaltilisesi.k12.tr/

Վիեննական Մխիթարեան հայրերու Ստանպուլի կրթական առաքելութեան սկզբնաւորութիւնը կը նկատուի 1825 թուականը: Իրականին, գործունէութիւնը սկսած է 1811ին, Գանտիլլիի մէջ ամառնային դպրոցով մը եւ նոյն տարին սեպհական հողի վրայ բացուած է ձմեռնային դպրոցը 60 աշակերտներով, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մօտ:

Այս դպրոցը հրոյ ճարակ կը դառնայ 1839ի մեծ հրդեհին: Դաստիարակչական պարտականութիւնը կը շարունակուի վարձու շէնքերու մէջ:

Իսկ 1847ին սեպհական գետնի վրայ, եռայարկ շէնքի մը մէջ վարժարանը կը մատուցանէ իր ծառայութիւնը, հաստատուելով առաջին անգամ դասարանական կարգեր յատուկ ուսման ծրագրով, ուսման-տեսուչ Հ. Յովսէփ Վրդ. Գաթրճեանի առաջնորդութեամբ:

1857ին ալ կը բացուի գիշերօթիկներու բաժինը:

1865ին, Հ. Մաղաքիա Վրդ. Սամուէլեան կը գնէ 30.000 կանգուն հող իր վրայի շէնքով, Բանկալթիի մէջ, ուր կը փոխադրուի վարժարանը:

1870-ին դարձեալ կը պատահի Բերայի մեծ հրդեհը: Այն ատեն աւելի յայտնի կ՚ըլլայ Վարդապետին հեռատեսութիւնը:

Տարիներու ընթացքին կարիքը կը տեսնուի նոր շէնքի մը շինութեան: 1927ին հիմնաքարը կը դրուի եւ 1928ին վարժարանի շէնքը կ՚օժտուի նոր յարմարանքներով եւ կը ստանայ լիսէի աստիճան:

Մինչեւ 1923 վարժարանին մէջ ուսում կը ստանային թուրք, հայ եւ օտարազգի աշակերտներ: Հանրապետութեան հռչակումով այլեւս կը թոյլատրուի ընդունիլ միայն հայ ծագումով ուսանողներ:

Հիմնուած թուականէն մինչեւ այսօր Մխիթարեան Լիսէն տուած է բազմահարիւր շրջանաւարտներ: