ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային,Միջեկեղեցական

ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնին առթիւ կատարուած աւանդական շնորհաւորութիւնները այս տարի Ս. Զատիկը բոլոր եկեղեցիներու մէջ նոյն օրուան համընկնելուն եւ հանրաքուէի պատճառաւ յետաձգուած էր 18 Ապրիլ, Երեքշաբթիի։

Այս առթիւ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան ժամը 10.00-էն սկսեալ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնները։

Այցելութեան եկան Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Օրհան Քհնյ. Չամլը, յանուն Ստանպուլի Աւագ Քաղաքապետի Նատիա Թաշէլ, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան, Շիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Պէշիկթաշի Քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար, Կղզեաց Քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, իրենց հետեւորդներով։

zadig3

Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Նատիա Թաշէլ, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան

zadig2

Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին,  Պէշիկթաշի Քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտար

zadig5

Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Օրհան Քհնյ. Չամլը

zadig6

Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Կղզեաց Քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ

zadig1 (1)

Շիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ