ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Միջկրօնական

IMG_5237IMG_5238Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, իր կողքին ունենալով Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանն ու Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասու անդամները, 8 Յունուար 2018, Երկուաշաբթի, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քոյր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու շնորհաւորութիւնները։ Այցելութեան եկան Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Լատին Կաթոլիկ համայնքի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Ռուբէն Կոնզալէզ Ս. Եպիսկոպոս, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Արժ. Տ. Օրհան Քհնյ. Չամլը, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան, Եթովպական Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Հոգեւոր հովիւը, Հրէից Րաբունապետ Րաւ Իցխաք Հալէվայ, Էհլիպէյթ Հիմնարկի Ատենապետ Ֆէրմանի Ալթըն, «Քրիստոսի Փոքրիկ Քոյրերը» Միաբանութեան Մայրապետներ, «Focolare» շարժման անդամներ։ Բացի հոգեւորականներէ ու իրենց պատուիրակութիւններէն, այցելեցին նաեւ Ստանպուլի Երեսփոխան Սէզկին Թանրըքուլու, Շիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Կղզեաց Քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, «Մարմարա Կրուպու» Հիմնարկի Ատենապետ Տքթ. Աքքան Սուվէր, Ստանպուլի Նահանգային Խորհուրդի անդամ՝ Միւֆիթ Եթքին, ԱՔՓ կուսակցութեան Կղզեաց շրջանի Ատենապետ Իսմաիլ Հաքքը Տուրմուշ եւ Ասորի Կաթոլիկ Վարչութեան անդամները։

IMG_5282

Բոլոր այցելուները, Տեղապահ Սրբազան Հօր անձին մէջ շնորհաւորեցին Հայ Համայնքի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարը ու իրենց բարեմաղթութիւնները յղեցին։ Բաց աստի Եթովպական Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ առ ի երախտագիտութիւն, Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրեց մագաղաթի վրայ աշխատուած սրբանկար մը։

 

  • 26229377_790459917823304_3896549344388667391_n
  • IMG_5238
  • IMG_5240
  • IMG_5244
  • IMG_5246
  • IMG_5252
  • IMG_5262
  • IMG_5265
  • IMG_5274
  • IMG_5276
  • IMG_5282
  • IMG_5286
  • IMG_5289
  • IMG_5294
  • IMG_5296
  • IMG_5298
  • IMG_5299
  • IMG_5301
  • IMG_5307
  • IMG_5310
  • IMG_5316
  • IMG_5319
  • IMG_5321
  • IMG_5323
  • IMG_5325
  • IMG_5328