ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՆ ՈՒ Ս. ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ՔԱՆՏԻԼԼԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Kategori: Եկեղեցական

87Երկոտասան Առաքեալներու եւ Ս. Պօղոս Առաքեալի տօնին առիթով Ս.Պատարագ մատուցուեցաւ Քանտիլլիի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։

25 Յունիս Շաբաթ առաւօտ, արարողութեանց հանդիսապետեց Գերշ.Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան, Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ.Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ.Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Բրկ. Արտաշէս  Ուր. Դպ. Տիւմէճեան եւԱրթուն Տամատեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Հանդիսապետ Սրբազան Հայրը Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց ու պատմեց Քրիստոի առաքեալներու քարոզչական գործունէութեանց կարեւորութիւնը Քրիստոսի Եկեղեցւոյ տարածման մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ պաշտօն Եկեղեցւոյհանգուցեալ բարերարներու եւ այժմու բարերարներու ննջեցելոցհոգւոցն ի հանգիստ։ Ապա Եկեղեցւոյ Երէց Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ.Թէզէնլեան եւ պատարագիչ Տէր Հայրը միասնաբար այցելութիւնտուին գիւղի գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր գերեզմանօրհնէք։