Տատեան Սանուց Միութիւն, Պաքըրգիւղ

(Niyazi Bey Sok. No: 39, 34142 Bakırköy)
Հեռ.՝ (0212) 572-5522

Տատեանի սաներ 1967ին կը հիմնեն Սանուց Միութիւնը, որուն գլխաւոր հիմնադիրը կը հանդիսանայ Հայկ Տէօքմէճեան։
Վարչութիւնը երեք շրջան մշակութային ու գեղարուեստական գետնի վրայ յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք, կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը շէնքի ապասեփականացման եւ միութեան ակումբը այլուր փոխադրելու ստիպողականութեան պատճառաւ։

Միութիւնը կը հիմնուի 30 Սեպտեմբեր 1990-ին, շրջանի թաղային խորհուրդի ջանքերով եւ հիմնադիր անդամներու՝ Յարութիւն Էօզչէլիքի, Արամ Պարոնեանի, Նատիա Համամճեանի, Բարին Մանավեանի, Պերճ Լարոսեանի, Պերճ Եազմաճեանի, Գրիգոր Հայրանեանի, Ժիրայր Օգշաեանի եւ Սարգիս Առաքելեանի աշխատանքներով։

Այդ օրէն ի վեր շրջանի վարչութեան անդամները կ՚աշխատին երկյարկանի շէնքի մը մէջ։