ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանի մէջ, 4 Նոյեմբեր 2019, Երկուշաբթի, ժամը 21.00-ին տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած՝ «Անլռելի Զանգակատուն» գրական – երաժշտական հանդիսութիւնը։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն հանդիսութիւնը յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ գլխաւորեց՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Պաքըրգիւղի Ս. Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներ, Տատեան Վարժարանի երբեմնի տնօրէն՝ Հէրմինէ Պէնլիօղլու, այժմու տնօրէն՝ Ալիս Պայրամ, մշակութասէր հասարակութիւնն ու հրաւիրեալ կրթական մշակներ։

 

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Հէրմինէ Պէնլիօղլուի բացման խօսքով, որով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ապա, յայտնեց թէ սոյն հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Տատեան Վարժարանի հիմնարկութեան 175-ամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն

ներս ու ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին։ Հանդիսութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւներ տալով յայտնեց թէ՝ Արամ Կոստանեանի գլխաւորութեամբ պատրաստուած էր Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատունը» բանաստեղծութեան բեմադրութիւնը։

2019 GOMIDAS 2

Ապա, Արամ Կոստանեան, Լիտա Գէօսէօղլու եւ Արի Պարութօղլու բեմ բարձրացան, երգերու կատարմամբ ու բանաստեղծութեան արտասանութեամբ։ Իրենց ներդրումը բերին նաեւ Տատեան Վարժարանի աշակերտները։ Այնուհետեւ ներկայացուեցան փոքրիկ Սողոմոնի ծնունդէն մինչեւ Կոմիտաս Վարդապետ դառնալն ու ունեցած գործունէութիւնը։ Մասնաւորապէս հետաքրքրական էր հանդէսի աւարտին բեմադրուած Կոմիտասի վախճանման բաժինն ու բանաստեղծութեան վերջին բառերուն՝ «Անլռելի զանգակատուն»ի արտասանուած պահուն սփռուած զանգակներու ղողանջները։

 

Հանդիսութեան աւարտին, ներկաներ յոտնկայս ծափահարեցին դերակատարները։ Ապա, կրկին բեմ բարձրացաւ Հէրմինէ Պէնլիօղլու եւ շնորհաւորեց Արամ Կոստանեանն ու ընկերները։ Այս առթիւ ընթերցեց Պատրիարքական Տեղապահ Սահակ Սրբազան Հօր, հանդիսութեան առթիւ ուղարկած շնորհաւորականը։ Նորին Սրբազնութիւնը, որպէս պատուոյ հիւր կը գտնուէր Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար «Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցի» խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը գովասանքով արտայայտուեցաւ Տատեան Ընտանիքի գործունէութեան եւ մաղթեց ամենայն բարիք։

2019 GOMIDAS 1

Յաւարտ հանդիսութեան, տեղի ունեցաւ նաեւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին հիւրեր մօտեցան դերակատարներուն ու գնահատեցին զանոնք։