ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ «ՀԱՅՖԷՍՏ»Ը

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ս. Թարգմանչաց Տօնին առթիւ, 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, Արամեան Սանուց Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայֆէստ»ը։ Յետ միջօրէին, փոքր թէ մեծ տարիքէ անհատներ մասնակցեցան սոյն գործունէութեան։ Այնուհետեւ, գծագրութեամբ, ձեռագործով, զանազան խաղերով եւ մանկապատանեկան զանազան աշխատանոցներով տեղի ունեցաւ մշակութային գործունէութիւն։

HAYFEST 3

Օրուայ տեւողութեան ընթացքին, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, այցելեց Արամեան Սանուց Միութիւնը եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց «Հայֆէստ»ի մասնակիցներուն։ Սրբազան Հայրը, Միութեան սրահին առջեւ դիմաւորուեցաւ՝ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի, Սանուց Միութեան վարչութեան ատենապետ՝ Սեւան Աթաօղլուի եւ վարչութեան անդամներուն կողմէ։ Ուրախալի տեսարան էր թէ՝ միութիւնը լիուլի լեցուն էր մասնակիցներով եւ ներկաներ տարբեր զբաղմունքներով կը պանծացնէին Հայոց Մշակոյթը։ Աշխատութեանց կամաւորաբար մասնակցած էր նաեւ «Փոքրիկ» խումբը։ Մասնաւորապէս հետաքրքրական էր՝ Արամեանէ եւ Գալֆաեանէ տղոց մասնակցած հաճելի աշխատութիւնները։ Սրբազան Հայրը մի առ մի այցելեց աշխատանոցները, ուր մանրամասն տեղեկութիւններ ստացաւ Ատենապետ Աթաօղլուի կողմէ։ Այս առթիւ, ինք օրհնեց աշխատութեանց առաջնորդող կամաւոր ուսուցիչները եւ գնահատեց իրենց ունեցած ներդրումը մշակութային ծիրէն ներս։ Մասնաւոր հետաքրքրութեան արժանացաւ նաեւ միութեան «Կենաց ծառ» խմբակի կողմէ պատրաստուած հսկայ ծածկոցը, որուն վրայ կը գտնուէին հայոց այբուբէնի թռչնագիր տառերը։

HAYFEST 2

Սրբազան Հայրը, աշխատանոցները շրջելէ յետոյ, հիւրասիրուեցաւ վարչութեան սրահին մէջ։ Այստեղ եւս տեղեկութիւններ ստացաւ սանուց միութեան գործունէութեանց մասին։ Ի յիշատակ սոյն այցելութեան, Սրբազան Հօր նուիրուեցաւ նաեւ Հայկական զարդարանքով պատրաստուած յախճապակի մը։ Երեկոյեան ժամերուն Նորին Սրբազնութիւնը բաժնուեցաւ միութեան սրահէն, մաղթելով բեղուն գործունէութիւն ի նպաստ Հայ Մշակոյթին։

HAYFEST 1