ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

20994039_818718354954716_1616403836679326647_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 23 Օգոստոս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 19.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց սարկաւագաց դասու անդամները։ Հանդիպման ներկայ էին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ ժողովական հայրերէն՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Նորին Սրբազնութիւնը նախ արտասանեց բացման աղօթքը, որմէ յետոյ ողջունեց ներկաները։ Շնորհակալութիւն յայտնեց որ սարկաւագաց դասու անդամները ընդառաջելով իրենց եղած հրաւէրին, ներկայացած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնին։ Գնահատեց իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը մեր եկեղեցիներու շրջափակէն ներս։ Սահակ Սրբազան, շնորհակալութիւն յայտնեց սարկաւագներուն, որոնք սիրայօժար ծառայութիւն կը մատուցանէին իրենց եկեղեցիներուն մէջ։ Յիշեցուց որ իրենք նախ քան իրենց սարկաւագութիւնը տեսած էին նոյն աստիճանի ծառայողները եւ փափաքած էին նմանիլ անոնց։ Այս առումով պէտք է ի մտի ունենան թէ՝ երենց կրտսերները նոյն ձեւով պիտի փափաքին իրենց նման ըլլալ։ Հետեւաբար եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները իրենց ծառայութիւնը պէտք է կատարեն միշտ ի մտի ունենալով այս կէտը։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը, առաջարկեց որ սարկաւագներ ազատ զգան արտայայտուելու եկեղեցւոյ հետ առընչուած զանազան հարցերու մասին։ Սարկաւագներ շնորհակալութիւն յայտնեցին թէ՝ Տեղապահ Սրբազան Հօր հրաւէրով, Պատրիարքարանի երդիքին տակ երկար տարիներէ ի վեր առաջին անգամ սարկաւագաց դասը ներկայ կը գտնուէր այսպիսի ընդունելութեան մը։ Առաջարկ ներկայացուեցաւ եկեղեցւոյ երգեցողութեան եւ ծիսակատարութեան միօրինակութիւնը ապահովելու համար աշխատանք տանիլ։ Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ տարուոյն ընթացքին կարելի է առիթներ ստեղծել սարկաւագներու հաւաք կազմակերպելու եւ այս մէկտեղումներու ընթացքին հոգեւոր հայրերու կատարելիք դասախօսութիւններու միջոցաւ զարգացնել իրենց գիտելիքները։

Ընդունելութեան աւարտին Սրբազան Հայրը Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեանց մէջ։