ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԱՐԵԿ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանութիւնը, 20 Օգոստոս 2017, Կիրակի օր, կորուստը ունեցաւ Եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն՝ Տ. Նարեկ Արքեպս. Շաքարեանի վախճանմամբ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 21 Օգոստոս 2017, Երկուշաբթի, ցաւակցական նամակ ուղարկեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ փոխանցեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովի անդամներուն, հոգեւոր դասուն եւ մեր պաշտօնական մարմիններուն խորազգած ցաւակցութիւնները։ Տեղապահ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, այս Կիրակի, մեր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագի մատուցմամբ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոգելոյս Սրբազան Հօր հոգւոյն ի հանգիստ։