ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

Kategori: Միջկրօնական

muftuՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 21 Սեպտեմբեր 2017, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Ստանպուլի Միւֆթի Փրօֆ. Տքթ. Հասան Քամիլ Եըլմազին, Սիւլէյմանիյէի պաշտօնատան մէջ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Դիւանապետ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Սրբազան Հայրը, յայտնեց թէ որպէս Տեղապահ, փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ քաղաքի Իսլամ հարեւաններու գլխաւոր հոգեւոր պետին հետ։ Ապա, ծանօթացուց իր հետեւորդները։ Սիրալիր տեսակցութեան ընթացքին մեծայարգ Միւֆթին հետաքրքրուեցաւ մեր համայնքի եկեղեցական եւ կրթական կեանքով։ Յայտնեց թէ, ինքը ծնած էր Արմաշու դրացի՝ Քարաապտիւլպաքի գիւղին մէջ եւ ուսանած՝ երբեմնի Արմաշու Դպրեվանքի շէնքերէն միոյն մէջ գործող Աքմէշէի Միջնակարգին մէջ։ Նաեւ յայտնեց թէ՝ իր ծննդավայրի գիւղացիները փոխան Աքմէշէի կը գործածէին Արմաշ անունը։ Սրբազան Հայրը, համառօտ կերպով անդրադարձաւ Արմաշու Դպրեվանքի հունձքի մասին, յիշելով՝ թէ վարժարանէն հասած էին հոգեւորականներ, որոնցմէ ոմանք բարձրացած էին Պատրիարքական Աթոռ։ Մեծայարգ Միւֆթին, որ ակադեմական պատրաստութեամբ օժտուած հանրածանօթ դասախօսներէն է, ըսաւ թէ՝ հանգստեան կոչուելու նախօրեակին փափաքած էր Պոլսոյ մէջ ծառայել եւ այս առթիւ էր որ իրեն յանձնուած էր այժմու պատասխանատու պաշտօնը։ Ընդգծեց, որ երիտասարդներ պէտք է գան եւ իրենց երէցներուն տեղը գրաւեն հետեւելով նոյն ծառայութեան գիծին։ Պատշաճ պատուասիրութենէ յետոյ, Սրբազան Հայրը ի յիշատակ այս այցելութեան, նուիրեց Պատրիարքական Աթոռոյ Թրքերէն հրատարակութիւններէն նմոյշներ։

Այցելութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութեան համար եւ մաղթեց տարբեր առիթով կրկին մեկտեղուիլ։