ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԸ

Kategori: Համայնքային

 

22221983_838993209593897_4327174318317957857_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 5 Հոկտեմբեր 2017, Հինգշաբթի առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ԱՄՆի դեսպան՝ Ճօն Պէսսը, որուն կ՚ընկերանային ԱՄՆի հիւպատոսարանէն պաշտօնեաներ։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Մեծայարգ դեսպանը, Անգարայի պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած ըլլալով, հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։ Այս առթիւ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն փափկավարական այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ դեսպանին, իր հետագայի դիւանագիտական պաշտօններուն մէջ։