ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական,Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

23517934_858687357624482_6357636232412440151_nՊատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 14 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի, ժամը 15.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբը։

Յանձնախումբի անդամները, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր հետ։ Առաջին հերթին անոնք տեղեկութիւն տուին յանձնախումբի աշխատութեանց մասին։ Հայ, Յոյն, Ասորի, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ միջեկեղեցական յարաբերութեանց ծիրէն ներս տարբեր առիթներով կը համախմբուէին։ Սոյն մէկտեղումի մեծագոյն պտուղը եղած էր Temel İlkeleriyle Hristiyanlık «Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի» գիրքը, որուն շնորահանդէսը Ն.Ս.Տ.Տ. Յունաց Պարթոլոմէոս Ս. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ կատարուած էր 2015-ին։ Հիւրեր յայտնեցին թէ տարբեր առիթներով միատեղուած կը շարունակէին գործել։ Մասնաւորապէս շեշտուեցաւ թէ՝ աշխատութեան գետնի վրայ բոլոր եկեղեցիներ իրենց տեսակէտը յայտնելու առիթը կը գտնէին։ Հայոց Պատրիարքարանէն սոյն աշխատութեանց կը մասնակցէին Աթոռոյս միջեկեղեցական-Միջկրօնական յարաբերութեանց Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան՝ որպէս ատենադպիր եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան՝ որպէս ընդհանուր համակարգող։ Իսկ, քոյր եկեղեցիներէն կը մասնակցէին, բարձրաստիճան եկեղեցականներ ու հոգեւոր սպասաւորներ։

Տեղապահ Սրբազան Հայրը ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով նման աշխատութիւն մը։ Սրբազան Հայրը սրտաբուխ արտայայտութիւններով շեշտեց միջեկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց տեսնելով նման յանձնախումբի մը աշխուժութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը, Գերմանահայոց Առաջնորդութեան օրերուն թէ՛ Յոյն, թէ՛ Ասորի, թէ՛ Կաթոլիկ եւ թէ՛ Աւետարանական Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ ծանօթանալու առիթը ունեցած էր։ Այդ շրջանին եւս բարւոք յարաբերութիւններ մշակած էր Հայ Եկեղեցին, քոյր եկեղեցիներուն հետ։ Այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելուներուն եւ մաղթեց որ իրենց Աստուածահաճոյ աշխատութիւնը օրհնուի ու պտղաբեր ըլլալու շարունակէ։