ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊՈՒԼԿԱՐ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Միջեկեղեցական

26231577_885751988251352_519764412148215870_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 7 Յունուար 2018, Կիրակի, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պուլկար Սվէթի Ստեֆան (Ս. Ստեփանոս) Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեան։ Եկեղեցին իր եզական երկաթեայ կառոյցին բերմամբ ծանօթ է «Երկաթեայ Եկեղեցի» անունով։ Իր երկարատեւ բարեզարդման աշախատութիւններուն նիւթապէս օժանդակած է Թուրքիոյ Պետութիւնը։ Այնուհետեւ, աշխատութիւնները աւարտած ըլլալով, Պետական բարձր մակարդակի հանդիսութեամբ բացումը իրականացաւ։

Հանդիսութեան ներկայ էին Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան, Վարչապետ՝ Պինալի Եըլտըրիմ, Պուլկարիոյ Վարչապետ՝ Պօյքօ Պօրիսով, Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Պուլկար Եկեղեցւոյ Ն.Ս. Նէոֆիտ Պատրիարք, Հրէից Րաբունապետ Րաւ Իցխաք Հալէվա, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթին, հոգեւորականներ, քաղաքական եւ դիւանագիտական մարմիններու անդամներ։

Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան, Ս. Յակոբ Հայ Կաթողիկէ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պէռնար Սարըպայ եւ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամ՝ Արամ Գուրան։

Հանդիսութեան առիթով իրենց ուղերձներով հանդէս եկան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան եւ Վարչապետ՝ Պինալի Եըլտըրըմ ու շեշտեցին այս եկեղեցւոյ արժէքն ու կարեւորութիւնը, որպէս պատմական կառոյց։ Պուլկարիոյ Վարչապետ՝ Պօյքօ Պօրիսով եւս հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով։