ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

25189759_10156000238564198_267418977_oՍամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դասու 315րդ, իսկ երգչախումբի 80րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ, Լէյլա Կէնճէր Օփէրայի եւ Արուեստական Կեդրոնի մէջ, 9 Դեկտեմբեր 2017, Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երգչախումբի երկրորդ համերգը։ Հանդիսութեան մասնակցեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Դպրաց Դասու Նախագահ՝ Գերպ. Տ.Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, երգչախումբի համակիրներ ու երաժշտասէր հասարակութիւնը։

Նման առաջին համերգին, երգչախումբի անդամներ առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանին եւ ընկերակցութեամբ Մօտէրն Իսթանհպուլ Նուագախումբի տոհմիկ երգեր երգեցին ու ծափահարութիւնները խլեցին ներկայ բոլոր ունկնդիրներուն։

25138911_10156000237849198_233808521_o25138963_10156000237569198_499399325_oՀանդիսութեան աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը հուսք բանքը արտասանեց եւ մեծապէս գնահատեց Սահակեան Երգչախումբի տպաւորիչ հանդիսութիւնը։ Ինք փափաքած էր առաջին համերգին ներկայ գտնուիլ, բայց անհանգտութեան պատճառաւ բացակայած էր։ Հանդիսութեան կրկնութիւնը լաւ առիթ էր, որպէսզի ինք անձնամբ մասնակցի ու վայելէ Սահակեան Երգչախումբի հայաշունչ երգերը։ Գլխաւորութեամբ վարիչին, երգչախումբի բոլոր անդամներուն մաղթեց յաջողութիւն ու թելադրեց միշտ սիրել մեր երգերը։

 

 

  • 25139085_10156000238909198_979099862_o
  • 25189969_10156000238774198_785058195_o
  • 25130225_10156000237229198_23268334_o