ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ «ՏԱՐԻՆԵՐ/YILLAR» ԳԻՐՔԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 11 Օգոստոս 2019, Կիրակի, յետ միջօրէին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ երիտասարդ անդամներէն՝ Տօքթ. Ֆլօրա Էօզքալայճըն։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։

Այցելու երիտասարդը կը ներկայանար՝ Էօզքալայճը ընտանիքի մեկենասութեամբ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կողմէ հրատարակուած «Տարիներ/Yıllar» գիրքին նմոյշը Նորին Սրբազնութեան յանձնելու համար։ «Տարիներ» գիրքը, Ֆլօրա Էօզքալայճըի վաղամեռիկ բանաստեղծ ու մտաւորական քրոջ՝ Թալին Էօզքալայճըի գրական աշխատութիւնները կը համախմբէ եւ ձօնուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Ընտանիքի փափաքին ընդառաջելով, եկեղեցւոյ քարոզիչ Հայր Սուրբը եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, բծախնդիր աշխատութեամբ պատրաստած են սոյն գիրքը” համախմբելով Լուսահոգի Թալինի բանաստեղծութիւնները, «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ լոյս տեսած յօդուածները, իր մասին խօսուածները ինչպէս նաեւ մամուլէն քաղուած յուղարկաւորութեան արարողութեան լուրերը։ Գիրքը հրատարակուած է հրամանաւ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր։ Գիրքին մէջ կան նաեւ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի ուղարկած ցաւակցական նամակի օրինակը, Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասուն արտայայտութիւնները, Թալինի ուսուցիչ՝ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի, Դպրեվանքի նորոգ վախճանեալ Տնօրէն՝ Հայկ Նշանի, Աւետիս Արզումանեանի, Կարապետ Մխալեանի, այլ նաեւ՝ Թալինի միութենական գործակից ու այժմու Պատրիարքական Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի սրտի խօսքերը։

DARINER 1

Ֆլօրա Էօզքալայճը երախտագիտական զգացումներով յանուն ընտանիքին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս գիրքի հրատարակման համար իրենց ջանքը չխնայեցին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը, ուրախութեամբ ստացաւ սոյն հրատարակութիւնը եւ գնահատեց Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը։ Այս աշխատութեամբ, Պոլսոյ երիտասարդ բանաստեղծներէն մէկը եւս կը յայտնաբերուէր։ Իր գրածները եւ իր մասին ըսուածները, վստահաբար պիտի ներշնչէին այլոց։ Հանգուցեալ Թալինի յիշատակը այս աշխատութեամբ կը վերաթարմանար։ Սրբազան Հայրը, օրհնեց այցելու երատասարդը եւ իր ընտանիքը ու մաղթեց իրենց արեւշատութիւն ու նորանոր նուաճումներ։

DARINER 2