ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՏԵՂՒՈՅՆ ՎՐԱՅ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՊԷՅՔՕԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵԶԱՐԴՄԱՆ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

23517683_859126814247203_4479475334914035716_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 15 Նոյեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին այցելեց Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին եւ դիմաւորուեցաւ Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի եւ թաղային խորհուրդի անդամներ Սիլվա Տէղիրմէնճիօղլու ու Հերմանս Չիչէքէքէրի կողմէ։ Եկեղեցւոյ վարչութիւնը, 13 Նոյեմբերին, ներկայացած էր Նորին Սրբազնութեան եւ անուան տօնախմբութեան սեմին տեղեկութիւններ փոխանցած էր Եկեղեցւոյ մասին։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը փափաք յայտնած էր անձամբ այցելել Պէյքօզ ու քննարկել կատարուած աշխատանքները։

23519060_859126817580536_2512034890251271196_nՍրբազան Հայրը, յիշեցուց թէ՝ Պէյքօզը Պոլսոյ ամենահեռաւոր թաղերէն մէկը ըլլալով հանդերձ, հովանաւորութիւնը կը վայելէր Պատրիարքական Աթոռոյ։ Եկեղեցւոյ ներքին ու արտաքին պայծառ տեսքը ուրախութիւն էր մէն մի ուխտաւորին։ Այնուհետեւ շեշտեց թէ վարչութեանց գլխաւոր պատասխանատուութիւնն է, երենց կարելիութեանց սահմաններով պայծառ պահել մեր աղօթքի տուները։ Այս սկզունքով եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ ձեռնարկած էր բարեզարդման աշխատութեանց։ Զրոյցի աւարտին, թաղային խորհուրդի անդամները, Սրբազան Հայրը առաջնորդեցին, պաշտամունքի փակ եկեղեցին ու տեղւոյն վրայ եւս պատշաճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին զարգացումներուն մասին։ Սրբազան Հայրը մօտէն հետաքրքրուեցաւ աշխատութեանց հետ, ինչպէս նաեւ խորհուրդ տուաւ։ Քննարկման աւարտին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը հիւրասիրուեցաւ վարչայիններու կողմէ։ Սրբազան Հայրը, շնորհաւորեց Պէյքօզի վարչայինները ու գնահատեց կատարուած աշխատութիւնը։ Մօտաւոր հանդիսութեանց սեմին յաջողութիւն մաղթեց ներկաներուն։