ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՀԵՏ

Kategori: Կարճ լուրեր,Կրօնական

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան 21 Յունիս 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին, հանդիպում մը ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ անձնակազմին հետ։

 

Նորին Սրբազնութիւնը մի առ մի ծանօթացաւ անոնց հետ եւ լսեց անոնց պաշտօններու մանրամասնութեան մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց անձնակազմի ծառայասիրութեան, ցարդ կատարուած գործունէութեան եւ աջակցութեան համար։