ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ԿԻՒՄՐԻԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐԸ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

IMG_4020Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 10 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Կիրակնօրեայ արարողութեան։

Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ հաւատացեալներ։

IMG_4013Յաւարտ Ս. Պատարագի, Տեղապահ Սրբազան Հայրը աւուր պատշաճի քարոզեց ու մեկնաբանեց Քրիստոսի խնճոյքին մասնակցելու իմաստը։ Սրբազան Հայրը, իր մօտ ունենալով փոքրիկներէն մին՝ ցոյց տուաւ ու ըսաւ. «Տիրոջ հրաւէրին ընդառաջել կը նշանակէ այս մանուկին պէս ըլլալ։ Քրիստոսի արժանաւոր զաւակները ըլլալու առաջին պայմանը ահա կը տեսնէք ձեր առջեւ»։ Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը, յիշեցուց հաւատարմօրէն Տիրոջ հրաւէրներուն մօտենալու կարեւորութիւնը։

Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը նախագահեց Հոգեհանգստեան Արարողութեան, որով յիշատակուեցան 1988ին Սպիտակի մեծ երկրաշարժին մահացածներու հոգւոցն ի հանգիստ։