ՏԷՐՍԻՄԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Kategori: Համայնքային

dersimՏէրսիմի Հայերու Միութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Իսմայիլ Ճէմ Հալավուրթի, 4 Մարտ 2014, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Այցելուները, միութեան նորընտիր ատենապետին առաջնորդութեամբ քաղաքավարական այցելութիւն տուած էին։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին միութեան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին։

Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորեց ատենապետը եւ յաջողութիւն մաղթեց միութեան անդամներուն։