ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

diyarbakir muzesiՏիգրանակերտի թանգարանի ներկայացուցիչները, 24 Յուլիս 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան, եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ եղան նաեւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներն ու Տիգրանակերտցի գրագէտ՝ Մկրտիչ Մարկոսեան։

Հիւրերը յայտնեցին թէ Տիգրանակերտի թանգարանի նախաձեռնութեամբ կը ծրագրուի նոր թանգարան մը հիմնել։ Անոնք, տեղեկութիւններ տուին իրենց ծրագրին մասին, յայտնելով թէ՝ թանգարանը պիտի հիմնուէր Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ եւ պիտի ցուցադրուէին Հայկական իրեր։ Այս ուղղութեամբ, արդէն համաձայնագիր մը ստորագրուած էր Տիգրանակերտի Քաղաքապետութեան եւ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի միջեւ։ Ըստ գոյացած համաձայնութեան՝ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երեք սենեակներ տրամադրուած էին սոյն ծրագրին համար։ Թանգարանը պիտի գործէր Տիգրանակերտի թանգարանի վարչութեան հսկողութեան ներքեւ։

Նորին Սրբազնութիւնը իր գնահատանքին առընթեր շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրը մշակողներուն։ Յայտնեց թէ այս ծրագրով Հայեր առիթը պիտի ունենային ներկայացնելու իրենց մշակոյթն ու արուեստը։ Իրեն համար առաւել եւս ուրախութիւն էր այս ծրագրի իրականացումը, քանի որ ինք ալ Տիգրանակերտցի էր։ Յոյս յայտնեց թէ, սոյն ծրագիրը յաջողութեամբ կը պսակուի եւ հետաքրքիրներ առիթը կը գտնեն աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր մշակոյթին։