ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր,Համայնքային

dikran gulmezgil

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, ժամը՝ 11.00ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։ Սոյն ընդունելութեան ընթացքին Տիար Կիւլմէզկիլ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան միջեւ կալուածի մը սեպհականութեան առընչութեամբ գոյացած տարակարծութեանց մասին։ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը յետ ունկնդրութեան իր Հայրական յորդորները տուաւ տարակարծութեան խաղաղ եւ սիրոյ մթնոլորտի մէջ լուծման կապակցութեամբ։ Նաեւ յաջողութիւն մաղթեց խնամակալութեան համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։