ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

15995057_696055050554381_2219139840747540642_oՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Ծննդեան առիթով, 14 Յունուար 2017, Ուրբաթ, յետ միջօրէին այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Ընդգծեց մեր համայնքային կեանքէն ներս կնոջ ունեցած դերը եւ գնահատեց իրենց ծառայութիւնը։ Անգամ մը եւս յիշեցուց թէ տիկիններ, կարեւոր պարտականութիւն ունէին համայնքային հաստատութիւններէ ներս։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին եղան գաղափարի փոխանակումներ համայնքային առկայ հարցերու շուրջ։ Տիկիններ, շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդանի առթիւ ընդունած էր զիրենք եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան եւ ներկայ հոգեւոր հայրերու։

Ընդունելութեան աւարտին երգուեցաւ «Խորհուրդ Մեծ» եւ հուսկ՝ Նորին Սրբազնութիւնը իր օրհնութիւնը տալով նուռ բաժնեց։