ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

26195449_885758858250665_5542404419054778415_nՔաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Ծննդեան առիթով, 8 Յունուար 2018, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենեպետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

IMG_5331Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Տեղապահ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ու բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Սրբազան Հայրը, Ս. Ծննդեան Տաղաւարի առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, շեշտելով Քրիստոսի որպէս Փրկիչ Աշխարհի՝ ծննդեան կարեւորութիւնը։ Իր Հայրական խրատներն ալ տալէ յետոյ, հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի ներկայացնեն իրենց պատկանած համայնքային հասատատութիւնները։ Սրբազան Հօր խօսքերուն յաջորդնեց նաեւ Սահակ Սրբազանի ուղերձը։ Նորին Սրբազնութիւնը, յիշեցուց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը եւ հրաւիրեց բոլոր տիկինները, որպէսզի մտածեն թէ՝ ինչպէս երիտասարդութիւնը աւելի գործօն մասնակցութիւն եւ ծառայութիւն կրնայ բերել յօգուտ մեր համայնքային հաստատութեանց։ Հոգեւոր հայրերը, մաղթեցին որ 2018 տարին ըլլայ նաեւ յոյսի տարի։
Տիկիններ, շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդանի առթիւ ընդունած էր զիրենք եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Նորին Սրբազնութեան եւ ներկայ հոգեւոր հայրերու։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Սրբազնութիւնը իր օրհնութիւնը տալով նուռ բաժնեց ներկաներուն։

  • IMG_5335
  • IMG_5338
  • IMG_5337
  • IMG_5336