ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանը, 8 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, Ս. Ծննդեան առիթով ընդունեց, քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները։

Տիկիններու աւանդական այցելութեան ընթացքին, Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ու բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Նորին Ամենապատուութիւնը, նախ յիշեցուց թէ նման ընդունելութիւն մը երկար տարիներ յետոյ առաջին անգամ Պատրիարքական մակարդակով կը կատարուէր, քանի Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ ժողովուրդի ընտրութեամբ, Պատրիարքական Աթոռը տիրացած էր իր նոր գահակալին։ Նորընտիր հոգեւոր պետը կ՚ընդունէր տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները եւ նման տեսարանը առիթ համարելով փափաքն ունէր լսելու տիկիններու գաղափարները։ Յանուն ներկաներուն, իր սրտի խօսքը արտասանեց տիկնանց միութեանց ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ, եւ ինք եւս իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, քանի ի վերջոյ համայքը տիրացած էր իր Պատրիարքին ու հաստատութիւններ իրենց գլուխը ունենալով Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, նոր մտածելակերպով պիտի շարունակէին իրենց գործունէութեանց։ Տիկնանց Կազմերը եւս սոյն դրական մթնոլորտէ ազդուած պատրաստ էին իրենց կարողութեան սահմաններով, նեցուկ կանգիլ Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութեանց։ Պատրիարք Հայրը, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, շեշտելով տիկնանց առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Մասնաւորապէս Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին, համայնքային կեանքէ ներս կանանց ներդրումը առաւել եւս զգալի դարձած էր եւ յայտնեց, թէ ինք կը մտածէ ապագային կանանց յատուկ ժողովով մը աւելի ընդարձակօրէն քննարկել կանանց գործունէութեանց առօրեան եւ ապագան՝ համայնքային կեանքէ ներս։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց, թէ համայնքային չափանիշով դէպի բարւօք ապագայ ճամբորդութեանց համար պէտք է կատարուի այս մէկը ու կիներ իրենց տեսակէտները, իգական հայեացքով պէտք է յայտնեն։ Իր խօսքերու աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց որ, 2020-ը ըլլայ համայքային բոլոր հաստատութիւններուն համար յոյսի տարի եւ համայքը իր գլուխը ունենալով նոր Պատրիարքը, առաւել եւս զօրացած շարունակէ իր պատմական ճամբորդութեան։ Հանդիպման ընթացքին, ներկաներ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին ներկայ հոգեւոր հայրերուն, ինչպէս նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին խօսեցան ու մաս առ մաս համայնքային կեանքի մասին արտայայտուեցան։

2020 DIGINNER DZNUNT

Ընդունելութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան արտանուած Տէրունական Աղօթքով ու վերջին օրհնութեամբ։ Ապա այցելուներ մի առ մի մօտեցան ու շնորհաւորելով Պատրիարք Հայրը ստացան ամանորեան նուռերը։