ՏԻՅԱՐՊԱԳԸՐ ՄԵԿՆՈՒՄ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Kategori: Աշխարհական

diyarbarkir valiՊատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 09 Սեպտեմբեր 2013, միջօրէին, Վանէն մեկնելէ յետոյ Անգարայի վրայով հասաւ Տիյարպագըր, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիւանեանը։

Նորին Սրբազնութիւնը, ընկերակցութեամբ Տէր Զօհրապ Քահանայի եւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Վարդգէս Այըքի, ժամը 17.00-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Տիյարպաքըրի նորանշանակ կուսակալ՝ Ճահիտ Քըրաչի։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ քաղաքի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին ի հիմանէ  կու գային իրենց ուխտի աղօթքը կատարելու։ Ինք եկած էր գլխաւորելու այս տարուան ուխտագնացութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը, շնորհաւորեց կուսակալը, որ երէք ամիս առաջ ձեռնարկած էր իր պաշտօնին։ Իբրեւ յիշատակ այս այցելութեան, նուիրեց փայտեայ ծաղկաման մը։  Կուսակալ Քըրաչ, շնորհակալութիւն յայտեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար եւ Նորին Սրբազնութեան նուիրեց սուրճի կազմած։