ՏՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր

dunorhnek 2Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, 4 Ապրիլ 2013, Հինգշաբթի, առաւօտ կատարուեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուրդ Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ., Անդրէաս Աւ. եւ Տրդատ Քահանայ Հայրեր, Բրշ. Սարկաւագներ՝ Վաղարշակ Սերովբեան ու Արթուն Տամատեան, ժառանգաւոր սան՝ Բրկ. Այգ Կ.Սրկ. Միւրզօեան եւ Պատրիարքարանի պաշտօնէութիւնը։

Միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքէն յետոյ, երգուեցաւ Ս. Յարութեան «Այսօր Յարեաւ» շարականը։ Յետ ընթերցման Ս. Աւետարանի, օրհնուեցան հացը, աղը եւ գինին։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Փոխանորդ Սրբազան Հօր արտասանած Պահպանիչ աղօթքով ու միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։ Արարողութեան աւարտին, ներկաներ մի առ մի մօտեցան, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր ու Նորին Սրբազնութեան աջը առնելով ստացան Իր օրհնութիւնը։

dunorhnek