ՏՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

IMG_4939Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարին առթիւ, 6 Յունուար 2018, Շաբաթ, Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, առընթերակայութեամբ՝ Մայր Տաճարի Երէց՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի։ Յաւարտ արարողութեան՝ Վարիչ Բրկ. Յովսեփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի առաջնորդութեամբ, Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, Պատարագիչ Սրբազան Հայրը Մայր Տաճարէն առաջնորդեցին Պատրիարքարանի Դահլիճը։ Այստեղ տաղաւարի առիթով, կատարուեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն։ Արտասանուած աղօթքներով օրհնուեցան հացը, աղը, ջուրն ու Ազգային Պատրիարքարանը։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Պատարագիչ Սրբազան Հօր արտասանած Պահպանիչ աղօթքով։ Արարողութեան աւարտին երգչախումբի անդամներ մօտեցան Նորին Սրբազնութեան ու ստացան Իր օրհնութիւնը։