ՏՍՓ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՂԶԵԱՑ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 5 Մարտ 2019, Երեքշաբթի, ժամը՝ 13.30-ին ընդունեց ՏՍՓ Կուսակցութեան Կղզեաց Քաղաքապետութեան թեկնածու Ճօշքուն Էօզտէն։
Սոյն ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաև մեր համայնքէն Տօքթ. Մկրտիչ Կիւլէզեան։

Նորին Սրբազնութիւը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն ու զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ արդէն Ճօշքուն Էօզտէն ծանօթ անուն մըն էր կղզեցի ժողովուրդին համար եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Կղզեաց այժմու վիճակին մասին։ Ան յիշեցուց նաև համայնքի ակնկալիքները։
Քաղաքապետութեան Թեկնածուն ըսաւ, թէ ինք կղզեցի էր եւ արդէն նախորդ շրջաններուն պաշտօնավարած էր իբրեւ քաղաքապետ եւ մօտէն ծանօթ էր Կղզեաց հարցերուն և այդ ուղղութեամբ պիտի գործէր։ Ապա Կղզեաց շրջանի ներկայ հարցերու լուծման մասին փոխանցեց իր ծրագիրները։

2019 COSKUN OZDEN
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այցելութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն։