ՏՔԹ. ՄԱՐԻՕ ՌՈԿԷՆՊԻՒՔԷԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Միջեկեղեցական

Յանուն Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ գործող Նէո-քաթեքիւմէն շարժումի Տքթ. Մարիօ Ռոկէնպիւքէ եւ ընկերակիցները, 24 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Պատասխանատու Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

 

Այցելուները եկած էին շնորհաւորելու Նորին Ամենապատուութիւնը՝ պաշտօնական այցելութեամբ, տեղեկութիւններ փոխանցելու համար իրենց գործունէութեանց մասին։ Անոնք մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրեցին նաեւ Երուսաղէմի մէջ կայանալիք միջեկեղեցական եպիսկոպոսաց ժողովին։

2020 NEOKATEKUMEN

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։