ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

1600 եւ աւելի տարիներ առաջ Հայ Եկեղեցւոյ երկու մեծ §վարդապետ¦ները՝ Սահակ Կաթողիկոսն ու Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը գլուխ գլխի տուին եւ երկար խորհրդակցեցան համայն ժողովուրդի դարերու ցաւին վրայ։ Ժողովուրդը դարաւոր մշակոյթ ունէր, կարգին լեզու ունէր, հարուստ պատմութիւն ունէր, սակայն գիր չունէր։ Եւ այս պատճառաւ իր մայրենիով չէր կրնար կարդալ։

Օրուան եկեղեցական եւ աշխարհական բարձրագոյն վարիչները՝ Սահակ Կաթողիկոսն ու Վռամշապուհ Թագաւորը հովանաւորեցին եւ Տարօնացի Մեսրոպ Վարդապետ գործի լծուեցաւ։ Երկար ու տքնաջան աշխատանքին եկաւ միանալ Աստուածային օրհնութիւնը եւ Մեսրոպ տեսաւ տեսիլք մը, ուր Աստուծոյ աջը նոր տառերը կը գծագրէր։

Եւ այսպէսով Հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր ուրոյն գիրը։

Հայոց Հայրապետն ու գիւտարար Վարդապետը, հոգեւոր հայրերու եւ աշակերտներու ալ գործակցութեամբ սկսան երկու մեծ առաքելութեան.

ա. Նոր այբուբենը ժողովուրդին սորվեցնել եւ

բ. Աստուծոյ խօսքը՝ Աստուածաշունչ մատեանը հայերէնի թարգմանել։

Եւ երկուքն ալ յաջողութեամբ պսակուեցան։ Հայեր սորվեցան նոր տառերը եւ հայերէնի թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը։ Ինչպէս պատմագիրը կ՚ըսէ. §Աստուած սկսաւ հայերէն խօսիլ իր ժողովուրդին հետ¦։

Մինչեւ այսօր Հայ Եկեղեցին այս երկու երախտաշատ հոգեւորականները կը յիշատակէ ամրան առաջին այս օրերուն, դասելով զանոնք մեր սուրբերու շարքին մէջ, որպէս §Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպ¦։ Այս տօնը եղաւ ոչ միայն երկու մեծանուն Սուրբերու յիշատակութեան օրը, այլ նաեւ՝ ազգային տօն, մշակոյթի տօն եւ հայ գիրի ու գրականութեան նուիրեալներու տօն։

*

Դարեր ետք Պոլսոյ երկնակամարին ներքեւ եկաւ ուրիշ Մեսրոպ մը, որ ոգի ի բռին աշխատեցաւ նոյն գործերուն համար. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը սկսաւ նշել թէ՛ որպէս եկեղեցական տօն եւ թէ որպէս Հայ Ուսուցչաց օր։ Եւ տարիներ շարունակ նոյն օր նշեցինք իր անուան տօնը։ Մասնաւոր հանգստեան կարգով սկսան յիշատակուիլ հանգուցեալ Հայ ուսուցիչներն ու Հայ գիրի ու գրականութեան բոլոր նուիրեալները։

Այս տարի, 11 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի առաւօտ, §Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ¦ տօնը պիտի նշուի Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։

Սիրով կը հրաւիրուի մեր հաւատացեալ ու գրասէր-մշակութասէր ժողովուրդը մասնակցելու ժամերգութեան, Ս. Պատարագին եւ հոգեհանգստեան կարգին, խնդրելու համար Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու բարեխօսութիւնը։