ՐՈՒՄՎԱՏԷՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Համայնքային,Միջեկեղեցական

20915589_817845661708652_6697923619129186652_nՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 22 Օգոստոս 2017, Երեքշաբթի, Ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց ՐՈՒՄՎԱՏԷՐ (Յունական Վաքըֆներու Զօրակցութեան եւ Օժանդակութեան Միութիւն)-ի ներկայացուցիչները։ Խումբին մաս կը կազմէին Լաքի Վինկաս, Փրօֆ. Տքթ. Էլչին Մաճար, որոնց կ՚ընկերակցէր նաեւ Պոլաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան։

Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկութիւն ստացաւ միութեան տարած աշխատանքներու եւ մշակուած ծրագիրներուն մասին։ Մասնաւորապէս բացատրուեցաւ միութեան «Yanyana» (Կողք կողքի) ծրագիրը եւ անդրադարձան ծրագրեալ համալսարանական այցելութեանց։ Սրբազան Հայրը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ծրագրի հետ, յետ գաղափարի փոխանակութեան, խոստացաւ իր կարելին ի գործ դնել։

Այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար։