ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան այս օրերուս կը գտնուի Տիգրանակերտ, կիսաւեր դարձած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն համար, զոր պիտի կատարուի պետութեան կողմէ։

Երբ, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ, նոյն օր Նորին Սրբազնութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Տիգրանակերտի Կուսակալ Հասան Պասրի Կիւզէլօղլուի հետ։ Կուսակալը փափաք յայտնած էր Սրբազանին ցաւակցութիւն յայտնել ու այդ պատճառաւ այցելել հիւրանոց, սակայն Սրբազան Հայրը փութաց Կուսակալին պաշտօնատեղին։

DIY TAZIYE

Այս օրերուն Տիգրանակերտ կը գտնուի նաեւ Կրօնից Տեսուչ Փրօֆ. Տօքթ. Ալի Էրպաշ՝ համագումարի մը համար։ Կրօնից Տեսուչը եւս հանդիպում մը ունեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հօր հետ եւ փոխանցեց իր ցաւակցութիւնները։

DIY TAZIYE 2