ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱԼԷՔՍ ՏԱՂԼԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Kategori: Կարճ լուրեր,Համայնքային

aleksՊատրիարաքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 18 Մարտ 2014, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց հանգուցեալ պատանի Ալէքս Տաղլեանի ընտանիքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց։

Անցեալ շաբաթ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցած էին Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրեր եւ քահանաներ, ցաւակցելու համար հանգուցեալի մերձաւորներուն։ Նորին Սրբազնութիւնը, Ստանպուլ վերադառնալէ յետոյ, առաջին առթիւ փափաքած էր անձամբ այցելել սգաւոր ընտանիքը եւ ցաւակցութիւն յայտնել անոնց։ Նորին Սրբազնութիւնը պատանի Ալէքսին հոգիին խաղաղութիւն, իր ընտանիքի անդամներուն եւ բոլոր մերձաւորներուն Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն մաղթեց։