«Փարոս» ամսաթերթ

(İstiklal Caddesi Tokatlıyan İş Hanı No:76, Kat:4/1, 34430 Beyoğlu)
Հեռաձայն՝ (0212) 245-6106
Ֆաքս՝  (0212) 249-4223
E-mail: info@paros.com.tr
Web Sitesi: http://www.paros.com.tr

Մայտա Սարիս, Թալին Էթյէմէզ, Էլէնքա Էլտէք Չատըրճըօղլու եւ Մկրտիչ Առծիւեանի կողմէ հիմնուած ամսաթերթի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ Հոկտեմբեր 2011ին։ Հիմնական նպատակն է Թուրքիոյ փոքրամասութեանց համայնքային, մշակութային եւ գեղարուեստային կեանքը վաւերագրային մերձեցումով ծանօթացնել այլոց եւ սատարել անոնց ուղիղ ըմբռնման։

Փարոսի մէջ կը ծանօթացուի տարբեր մշակոյթներու մասին գիտելիքներ, որոնց մասին կ՚առաջնորդէ գաղափարատէր ըլլալու եւ մտածելու։ Երկրի փոփոխութեանց ներքեւ Հայերու, Յոյներու, Ասորիներու, Պուլկարներու նման փոքրամասութեանց համայքային կեանքէ ներս եղած փոփոխութիւնները կը նկարագրուին։

Ամսաթերթի գլխաւոր նպատակն է մեր բազմամշակոյթ հասարակութեան ցոյց տալ այն ամէն ինչ, որ չեն տեսներ եւ մտածելու մղել այն ամէն ինչի մասին, որ չեն մտածեր։ Միւս կողմէն, բազկերակը բռնել Հայ, Յոյն, Ասորի եւ Պուլկար համայնքներուն, որոնք յարափոփոխ Աշխարհի եւ Թուրքիոյ մէջ իրենց հերթին ենթակայ կը դառնան փոփոխութեանց։

Իբրեւ Փարոսի ընթերցողներ նախատեսուած է այն հասարակութիւնը, որ կը հետեւի այս երկրին պատմութեան, ընկերային, մշակութային ու արուեստի զարգացման։

Ամսաթերթը, իբրեւ մեկնակէտ կ՚առնէ այն ճշմարտութիւնը, թէ փոքրամասնութիւններ քաջածանօթ են իրենց ապրած երկրի լեզուին ու կարեւոր ներդրում կը բերեն երկրի մշակոյթին՝ լայն զանգուածին համար եւս հրատարակութիւն կատարելով, կերպով մը կը հանդիսանայ փոփոխմանց սեմին գտնուող Թուրքիոյ աւետաբերը։