ՓԱՐՈՍ ԱՍԱԹԵՐԹԻ ԱՅՑԵԼԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Համայնքային

20967908_10155156195258702_156594873_oՊատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 18 Օգոստոս 2017, Ուրբաթ, Ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի Ամրան շէնքին մէջ ընդունեց, Փարոս Ամսաթերթի Խմբագրապետուհի Մայտա Սարիսն ու ամսաթերթի պաշտօնէութիւնը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։

Այցելուներ, Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեցին եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր նոր պաշտօնին մէջ։ Քաղաքավարական սոյն այցելութեան որպէս յիշատակ, Մայտա Սարիսի ձեռամբ Տեղապահ Սրբազան Հօր նուիրուեցաւ Փարոսի «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու» հրատարակութենէն նմոյշ մը։ Ամսաթերթի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցաւ նաեւ Սրբազան Հօր։ Յայտնեցին թէ՝ Փարոս Ամսաթերթի տարեդարձին առթիւ աշնան շրջանին թերթի նկարիչներէն՝ Մկրտիչ Արծիւեան, կը պատրաստուի լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը։ Ի միջի այլոց, Պատրիարքական Աթոռոյ գլխաւորութեամբ տարուած աշխատութիւններու ու համայնքային կեանքի մասին Սրբազան Հայրը հակիրճ ձեւով պատասխանեց հարցումներուն։

Տեղապահ Սրբազանը յայտնեց թէ Ինք ամսաթերթին անծանօթ ընթերցող մը չէ եւ գոհունակութեամբ կը հետեւի Փարոսի աշխատութեանց։ Այս առթիւ օրհնեց աշխատակազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։