ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Կրօնական,Համայնքային

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան 6 Յունիս 2018, Չորեքշաբթի երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած իֆթարի սեղանին, որ տեղի ունեցաւ Ֆէնէրի Յունաց Լիսէի համալիրէն ներս։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած են այս ձեւաչափով իֆթարի սեղանները։ Այս տարուան պատուոյ հիւրն էր Փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլու։ Հրաւիրեալներու շարքին էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի, բարձրաստիճան դիւանակալներ, պետական պատասխանատուներ, քաղաքական գործիչներ, ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ, հասարակական գործիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, փոքրամասնութիւններու զանազան հաստատութիւններու վարչայիններ եւ հիւրեր։

VAKIFLAR IFTAR

Այս տարի յոյն համայնքին հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցեցան նաեւ թրքահայ համայնքին կողմէ բազմաթիւ գործիչներ։ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանին ընկերացաւ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան։