ՓՐՕՖԷՍԷՕՐ ՏՔԹ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

IMG_3704Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 20 Նոյեմբեր 2017, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Վաքըֆներու մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Անետանեպ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճանը։

Մեծայարգ հիւրը անցեալ շաբաթ Փրօֆէսէօրութեան աստիճանի բարձրացած ըլլալով, գնահատանքին արժանացած էր Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր։ Հետեւաբար, ինք փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեամբ ներկայանալ Նորին Սրբազնութեան եւ անձամբ շնորհակալութիւն յայտնել Իրեն։ Տարբեր շրջանակներէ գնահատուած ըլլալով հանդերձ, Տեղապահ Սրբազան Հօր յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ շնորհաւորանքը աւելի նշանակալից էր։ Հանդիպման ընթացքին, Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս գնահատեց Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճանի յաջողութիւնը եւ յիշեցուց թէ համայնքի անդամներուն յաջողութիւնները մեծապէս ուրախութիւն կ՚առթէ Պատրիարքական Աթոռոյ։ Սրբազան Հայրը, յիշեցուց նաեւ թէ՝ իր իսկ շրջանաւարտ եղած Դպրեվանքէն, ուրիշ շրջանաւարտ մը կը հասնէր բարձր աստիճանի։ Այս մէկը, իրեն առաւել եւս ուրախութիւն կը պատճառէր։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը, օրհնեց մեծայարգ հիւրին վաստակը եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ գործունէութեանց մէջ։