ՓՐՕՖ. ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԹԷՐԶԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻԻ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

anania shiragatsiՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի հրամանագրով, 28 Մայիս 2013, Երեքշաբթի, գիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ այլ մարզերէն ներս իրենց ներդրումով ծանօթ անձնաւորութիւններ,արժանացան պետական պարգեւներու։  Այս առթիւ, աշխարհահռչակ աստղագէտ Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Թէրզան, պարգեւատրուեցաւ Անանիա Շիրակացիի Շքանշանով։

Անանիա Շիրակացի շքանշանը, Հայաստանի Նախագահի հրամանաւ կը շնորհուի այն անձնաւորութեանց, որոնք գիտութեան մէջ բնագաւառէն ներս անուն շահած են իրենց գիտական աշխատանքներով։ Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Թէրզան, որպէս համաշխարհային չափանիշով աստղագէտ, իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է իր գիտական հետազօտութիւններով։  Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Թէրզան, ծնունդով Իսթանպուլցի է եւ արժանաւոր սաներէն՝ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի։ Իր գիտական աշխատանքներուն առընթեր, ծառայութիւն բերած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ, որպէս սարկաւագ։

Կը շնորհաւորենք Պատրիարքական Աթոռոյս բարերարներէն Բրշ. Փրօֆ. Տքթ. Յակոբ Սրկ. Թէրզանը, ու իրեն կը մաղթենք քաջառողջ կեանք։