ՓՐՕՖ. ՔԻՆՔԷՐԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

Գերմանիոյ Մարթին Պուսէր Սէմինարի Վերատեսուչ Փրօֆ. Տքթ. Թոմաս Քինքէր 10 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը՝ 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր կողմէ։

 

Հիւր ակադեմականը, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեց Նորին Ամենապատութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ու տեղեկութիւններ փոխանցեց իր գլխաւորած սէմինարին մասին։

2020 KINKER

Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան առիթով։ Նաեւ կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Փրօֆ. Քինքէրին իր գործունէութեան մէջ։