ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Kategori: Աշխարհական

CaliforniaՔալիֆորնիոյ Համալսարանի Olive Tree (Ձիդենի) Նախաձեռնութենէն աշակերտներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ իրենց դասատու Տէնյըլ Վէհրէնֆէննիկի, 02 Յուլիս 2014, Չորեքշաբթ, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Հայ աշակերտներ։ Համալսարականները, իրենց կեցութեան օրերուն, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Թուրքիոյ Հայոց հոգեւոր կեդրոնին։

Այնուհետեւ, հիւրերը հետաքրքրուելով Թուրքիոյ Հայ համայնքի պատմութեամբ եւ այժմու վիճակով, Նորին Սրբազնութեան հարցումներ ուղղեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքի պատմութեան մասին։ Սրբազան Հայրը պատասխանեց հիւրերու հարցումներուն։