ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԴԱՍՈՒ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄ՝ Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ

Kategori: Կրօնական,Համայնքային

17 եւ 18 Յունիս թուականները հոգեւոր խանդավառութեան առիթներ եղան Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր դասուն եւ Պոլսահայ հաւատացեալ ժողովուրդին համար։ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սան՝ Տրց. Արման Սրկ. Պուլտուքեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ վերանուանուեցաւ՝ Տէր Պետրոս Քահանայ։

ԿՈՉՈՒՄ
Տիրացու Արման Սրկ.ի քահանայութեան կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 17 Յունիս 2015 Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախ կատարուեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն հանդիսապետութեամբ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ մասնակցութեամբ Աթոռոյս հոգեւորականաց դասուն։ Ժամերգութեան աւարտին սկսաւ կոչման արարողութիւնը, խարտաւիլակութեամբ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։ Ընծայացուն եկեղեցւոյ աւագ դռնէն դաս առաջնորդուեցաւ ծնկաչոք եւ ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան, վկայութիւն տրուեցաւ Արման Սրկ.ի արժանաւորութեան, վարքին եւ կենցաղին մասին։ Ընծայացուն, յանձն առաւ քահանայութեան լուծը, աշակերտիլ եւ հետեւիլ եկեղեցւոյ բոլոր ուղղափառ հայրապետներուն եւ վարդապետներուն ու նզովեց բոլոր հերձուածողները։ Ապա կարդաց Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի խմբագրած ուղղափառ դաւանութեան հանգանակը։

11415286_992643554079800_1543641462003427620_n11401020_992643197413169_8906437983833765573_nԿոչման արարողութեան աւարտին Սահակ Եպիսկոպոս, պատշաճ բացատրութիւններ տուաւ քահանայութեան կոչման արարողութեան մասին եւ ըսաւ. «Արման Սրկ.ը այսօր կոչեցինք քահանայութեան եւ Աստուծոյ կամքով վաղը առաւօտ, պիտի ստանայ քահանայական կարգ։ Երեք կարեւոր յատկութիւններ քննուեցան այսօր. Նկարագիր, ուսում եւ ուղղափառութիւն։ Ուսումն ու ուղղափառութիւնը մարդուն կարողութենէն կախեալ ըլլալով կրնայ փոխուիլ անձէ անձ, իսկ նկարագիրը ամենէն էականն է։ Քահանան ստիպուած է օրինակելի Հայ Քրիստոնեայ ըլլալ իր ժողովուրդին մէջ։ Ինքը, ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ հոգեւոր ոլորտներուն եւ այս առումով պէտք է ունենայ նուիրուածութիւն եւ այս ուղղութեամբ տէր դառնայ նկարագիրի։ Քանի ուսման դարու մէջ ենք, ստիպուած ենք նաեւ ուսման կարեւորութիւն ընծայելու։ Ընծայացուն երբեք պէտք չէ դադրի սորվելէն եւ գիրք կարդալէն։ Ուղղափառութիւնն ալ քննեցինք, որովհեհեւ եկեղեցին ուսուցումներ ունի։ Ժողովուրդէն երբ հարցում ուղղեն, եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն հիման վրայ պէտք է պատասխանել»։ Նորին Սրբազնութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրեց աղօթքով մասնակցելու Տիրացու Արման Սրկ.ի յաջորդ օրուան ձեռնադրութեան համար։

10612748_992643434079812_5328184922367288029_nԱրարողութեանց աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ թէյասեղան մը սարքուեցաւ, որուն ընթացքին հոգեւոր հայրեր եւ արարողութեանց մասնակից ժողովուրդը շնորհաւեցին ընծայացուն եւ կարողութիւն մաղթեցին իրեն։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՁԵՌՆԱԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յաջորդ առաւօտ՝ 18 Յունիս 2015ին, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 08.30-ին սկսան ժամերգութիւնները։ Իսկ ժամը 10.00-ին սկսաւ Ս. Պատարագը, ձեռամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս.ի։ Ս. Պատարագին ներկայ եղաւ նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գուգարաց Թէմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սէպուհ Արքեպս. Չուլճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, սարկաւագներ, կիսասարկաւներ եւ ուրարակիր դպիրներ։

Ս. Պատարագի Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւորականաց դասու անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Նախ քան ճաշու գիրքերու ընթերցումը Տրց. Արման Սրկ. սաղմոսներով ու ծնկաչոք բարձրացաւ եկեղեցւոյ բեմը, ուր խարտաւիլակ  Տրդատ Քհնյ. անգամ մը եւս ներկայացուց ենթակային վկայելով իր վարքին եւ գիտութեան։  asdvadzayinԿանոնական աղօթքներու ընթերցումէն ետք ընծայեալը իր երեսը ժողովուրդին դարձաւ եւ իր ձեռքերը վեր բարձրացուցած «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ի երգեցողութեամբ հրաժարեցաւ աշխարհիկ կեանքէ։ Ապա ձեռնադրիչ սրբազան հայրը Տրց. Արման Սրկ.ի վրայ ձեռք դրաւ եւ յետոյ ուրարը վիզէն դարձնելով՝ վերածեց փորուրարի։

Սուրբ Գրոց ընթերցումներու աւարտին Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»ի պահը։ Կարդացուեցան կանոնական աղօթքներ եւ ընծայեալին տրուեցան փիլոն եւ պատարագիչի զգեստներ։

Ապա Տրց. Արման Սրկ. զանգակներու ղօղանջներով եւ «Խորհուրդ Խորին» շարականով զգեստաւորուեցաւ եւ առաջնորդուեցաւ Ս. Սեղանին առջեւ։

odzumՍահակ Սրբազան Հայրը, Ս. Միւռոնով օծեց նորապսակ քահանայի ճակատն ու աջ եւ ձախ ձեռքերը, զայն վերակոչելով՝ Տէր Պետրոս Քահանայ։

karoz mugoՆորապսակ Տէր Պետրոս Քահանան, իր անդրանիկ օրհնութիւնը տուաւ ժողովուրդին։ Յետ օծման Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց «Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (Մտ 4.4) բնաբանով եւ ըսաւ. «Տէրը մշակներ կարգեց իր անդաստանին մէջ, որպէսզի այդ մշակները Տիրոջ արտին մէջ, որ է եկեղեցին, աշխատին եւ Տիրոջ համար հունձք վերցնեն։ Որովհետեւ հունձքը առատ է, սակայն մշակները սակաւ։ Այսօր Տէր Պետրոս Քահանային ձեռնադրութիւնը կատարեցինք։ Ինքը ձեզմէ մէկն էր ուստի ձեր բոլորին վարձքը կայ իր վրան։ Որովհետեւ ոչ ոք մէկէնիմէկ չելլեր եւ չորոշեր եկեղեցական ըլլալ։ Ան երբ իր մանկութենէ սկսեալ շապիկ կը հագուէր իր շուրջ կը տեսնէր ուրիշ օրինակելի սպասաւորներ։ Տէր Պետրոս Քահանան այդ բոլորին նայեցաւ, այդ բոլորէն ներշնչուեցաւ եւ իր կոչումին հետեւելով ընտրեց քահանայութիւնը։ Ան, այլեւս ձեզի կը վերադառնայ ծառայելու, օրհնութիւն բաշխելու, հիւանդներու բժշկութեան աղօթք արտասանելու համար։ Սակայն ինք ալ անփորձ է, ժամանակաւ փորձառութիւն պիտի շահի իր ասպարէզին մէջ։ Տակաւին ամէն բան պիտի չգիտնայ, ամէն ինչ կատարեալ պիտի չնէ։ Դուք ալ պիտի օգնէք իրեն, պիտի քաջալերէք Արժ. Տ. Պետրոս Քահանան։»

Սրբազան Հայրը, Պետրոս անունի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելէ յետոյ, ժողովուրդն ու հոգեւորականութիւնը ապագայի մասին հետաքրքրութեամբ մտածելու հրաւիրեց։ Շեշտը դրաւ թէ անտարբերութեան հետեւանքը պիտի ըլլար, օր ըստ օրէ հալիլ եւ ի վերջոյ փճանալ։ Անցեալի եւ ներկայի հաւատացեալներու քանակը եւ որակը բաղդատեց։ Ժողովուրդի ապագային համար անհրաժեշտ էին գիտակից հոգեւորականներն ու ուսուցիչները։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս.ի, որ բարեհաճելով իրեն տուած էր ձեռնադրելու շնորհքը։ Ապա, յիշեց Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը եւ մաղթեց որ Ս. Պատարագէն օրհնութիւն եւ գոհութիւն բարձրանայ եւ Տէրը իրեն այցելէ հիւանդանոցի սենեակին մէջ։ Բարի գալուստ մաղթեց նաեւ Գուգարաց Թէմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպս.ին, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր ու ներկայ եղած էր ձեռնադութեան արարողութեան։ Իր ներկայութեամբ, ձեռնադրութեան արարողութեան ան ալ կը խառնէր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութիւնները։ Նորին Սրբազնութիւնը, իր խօսքերու աւարտին յանուն հոգեւորականաց դասու շնորհաւորեց Տէր Հայրը եւ իր երէցկինը։ Մաղթեց որ քառասնօրեայ ապաշխարութենէ յետոյ իր կարգը բարձր պահելով լաւագոյնս ծառայէ ժողովուրդին։

Ողջոյնի պահուն, բոլոր հոգեւորականները եկան համբուրելու նորապսակ հոգեւորականին ճակատն ու աջը։

Արարողութեանց աւարտին հաւատացեալներ մօտեցան նորընծային՝ աջահամբոյրով ստանալու համար իր օրհնութիւնը։

elՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Եկեղեցւոյ Աճարեան սրահին մէջ ներկայ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ սարքուեցաւ Սիրոյ Սեղան։

Իր սրտի խօսքը արտասանեց Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ վկայեց թէ ընծայացուն բարի նկարագրի տէր անձնաւորութիւն մըն է։ Մաղթեց որ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ լաւագոյն ծառայէ իր եկեղեցիին։ Մաղթեց նաեւ որ, ձեռնադրութեան օրհնութիւնը տարածուի եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին վրայ։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Բրշ. Գէորգ Սրկ. Նէրկիզեան եւ ուախութիւնը յայտնեց թէ, իրենց մէջէն հոգեւոր սպասաւոր մը ելած էր։ Վստահութիւն յայտնեց թէ ի տղայ տիոց Սամաթիոյ եկեղեցւոյ մէջ սպասարկած Արման Սրկ.ը, որպէս քահանայ պիտի շարունակէր իր Աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։

Հուսկ բանքը արտասանեց Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։ Անգամ մը եւս շնորհաւորեց Տ. Պետրոս Քահանան, իր երէցկինը եւ մերձաւորները։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սամաթիոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներուն, որոնք սիրոյ սեղանը պատրաստած էին։

Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի ձեռնադրութեան կնքահայրն է՝  Բրկ. Ռազմիկ Կսրկ. Տուրսուն։ Նորընծան, նախ քան պաշտօն ձեռնարկելու, Պատրիարքարանի մէջ պիտի բոլորէ իր քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը։

Photo: Mıgırdiç Arzivyan

ԱՐԺ Տ. ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ

der bedrosԱւազանի անունով Արման, որդի Մանուկի եւ Լուսնի, ծնած է 21 Մարտ 1984ին Ստանպուլ։ Նախակրթութեան ուսումը կը ստանայ Թօփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան Վարժարանի մէջ։ Երկրորդական եւ լիկէոնի ուսումը կը ստանայ Սահակեան Նունեան Վարժարանի մէջ։

2005-2007ի միջեւ կը ստանձնէ Պալըքլըի Գերեզմանատան Տնօրէնի օգնականութեան պաշտօնը, իսկ 2007-2009ին՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի մէջ Համակարգչային Արձանագրութեան բաժնի պատասխանատուութիւնը։

Ի տղայ տիոց կը ծառայէ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն եկեղեցւոյ մէջ պաշտօն կը ստանձնէ որպէս լուսարար։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ 2001ին կը ստանայ դպրութեան չորս աստիճանները, իսկ 2009ին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանոր Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ձեռամբ՝ ուրար կրելու արտօնութիւն։ 2012ին Տիրոջ կանչին հետեւելով կը դիմէ Պատրիարքական Աթոռ, որպէսզի ընդունուի իբրեւ Ժառանգաւոր սան։ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր ձեռամբ 2012ին կիսասարկաւագ կը ձեռնադրուի ու կը մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Քահանայից Պատրաստութեան բաժանմունքի դասընթացքներուն։ Աւարտելով իր ուսումը կը վերադառնայ Ստանպուլ եւ 9 Յունուար 2014ին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագ կը ձեռնադրուի, ձեռամբ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Սրբազան Հօր։ 2015ին կ՚ամուսնանայ Սէլին Քարաքաշի հետ։