ՔԱՀԱՆԱՅԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԲԵՂԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹՈՌՈՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական,Համայնքային

20 եւ 21 Նոյեմբեր օրերը ոգեւորիչ թուականներ դարձան Աթոռոյս տարեգրութեան մէջ, Պատրիարքական Աթոռոյ սարկաւագ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սերովբեանի քահանայական ձեռնադրութեամբ եւ աբեղայական օրհնութեամբ։

126844898_1275710186139345_2394167798412631677_n

ԿՈՉՈՒՄ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, 20 Նոյեմբեր, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ զանգի ղօղանջը աւետեց երեկոյեան ժամերգութիւնը, Ս. Կոյս Աստուածամօր Երից Ամաց Տաճար Ընծայման տօնի նախա¬տօ¬նա¬կի, ինչպէս նաեւ նոր հոգեւորականի կոչման հանդիսութեան։

Կանոնական ժամերգութեան աւարտին, խարտաւիլակ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, օժանդա-կութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր եւ Տ. Տրդատ Աւ. քահանաներու, եկեղեցւոյ գաւիթէն դէպի դաս ծնրադիր առաջնորդեց ընծայեալ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը։

Շարականներու երգեցողութեան հետ հանդիսադիր Պատրիարք Հօր կողմէ կատարուեցաւ ընծայեալի մինչեւ այսօր ապրած կեանքի քննութեան, հաւատաքննութեան եւ քահանայութեան կոչման արարողութիւնը։ Հարցուեցաւ եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ ուղղափառ վարդապետութեան մասին հարցումներ, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ նզոված հերետիկոսներու եւ վարդապետութեանց մասին կարծիքը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը մի առ մի յիշեցուց մեր եկեղեցւոյ դաւանանքն ու ուղղափառ վարդապետները, որոնց կ՚աշակերտի եւ պիտի աշակերտի նուիրեալը։ Հուսկ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. կարդաց հաւատքի ուղղափառ դաւանութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը այստեղ քարոզեց «Տէր ուղղեա զգնացս իմ ի խաղաղութեան» բնաբանով։ Ապա, մեր Հոգեւոր Պետի օրհնութեամբ աւարտին հասաւ կոչման արարողութիւնը։

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/194502375534534

127133203_1702138199946056_5658985259567905734_o

ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Իսկ 21 Նոյեմբեր, Շաբաթ, Ս. Կոյս Աստուածամօր Երից Ամաց Տաճար Ընծայման տօնին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Արարողութեան մասնակցեցաւ Աթոռոյս հոգեւորական դասը։ Ներկայ էր նաեւ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի ներկայացուցիչ Պաւղոս Վարդապետը։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ դպրաց խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։

«Զի ողորմած…» աղօթքէն առաջ, խարտաւիլակ Հայր Սուրբն ու օժանդակ քահանաներ դասուն մէջէն Նորին Ամենապատուութեան առաջնորդեցին ընծայեալը։ Ծնրադիր ու սաղմոսներով գնացքը կանգ առաւ մեր Հոգեւոր Պետին առաջ, որու աղօթքներէն ու սուրբգրոց ընթերցումէն ետք, նուիրեալը որպէս աշխարհ ուրացման նշան ձեռամբարձ դարձաւ դէպի արեւմուտք եւ երգուեցաւ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» երգը, որուն երիցս կը պատասխանէր երգչախումբը. Արժանի է։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Վաղարշակ Սրկ.ի ուրարը փոխակերպեց փորուրարի, ապա աղօթքներով հագուեցուց փիլոնը, սաղաւարտը, շուրջառը, յանձնեց պատարագիչի զգեստները։

Աւանդատան մէջ խարտաւիլակն ու սպասարկողներ զգեստները հագուեցուցին ընծայեալին եւ «Խորհուրդ խորին» շարականով բեմ առաջնորդեցին։

ՕԾՈՒՄ

Խարտաւիլակ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան կատարեց Ս. Միւռոնի վերաբերումը, որմէ ետք Նորին Ամենապատուութիւնը սկսաւ օծել նորընծան։ Նախ օծեց ճակատը եւ անուանեց զայն Տ. Յովակիմ Քահանայ։ Ապա օծեց նաեւ աջ եւ ձախ ձեռքերը, տուաւ իրեն Ս. Պատարագ մատուցանելու իշխանութիւն։

Յետոյ Նորընծան տուաւ իր առաջին քահանայական ողջոյնը. «Խաղաղութիւն ամենեցուն»։

Նորին Ամենապատուութիւնը այստեղ քարոզեց, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորօծ Տ. Յովակիմ Քահանան եւ աւարտեցաւ օծման կարգը։

Սարկաւագի «Ողջոյն տուք միմեանց» քարոզէն ետք, սկսեալ Նորին Ամենապատուութենէն, բոլոր հոգեւորականները բեմ բարձրանալով իրենց առաջին ողջոյնը տուին նորընծային։

Ապա Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ կանոնական կերպով։

126308329_3571117489636887_5944039370658837529_oԱԲԵՂԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՂԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը կանոնական յատուկ աղօթքներով կատարեց նորօծ Տ. Յովակիմ Քահանայի աբեղայական օրհնութիւնը։ Ապա հանեց անոր գդակը եւ հագուեցուց կուսակրօնութեան վեղարը, աղօթելով. «Աստուած թող հին մարդը հանէ իր գործերով միասին» եւ «… թող հագուեցնէ նոր մարդը՝ որ Աստուծմէ ստեղծուած է, որպէսզի արդարութեամբ, սրբութեամբ եւ ճշմարտութեամբ ապրի, եւ դուն հպատակ ու հնազանդ ըլլաս Եկեղեցիին, ամբողջ հոգիով Աստուծոյ սիրոյն փարած, օր ու գիշեր»։

Ապա հաւատացեալներ, համավարակի կանոններու սահմանին մէջ մօտենալով շնորհաւորեցին նորօծ Հ. Յովակիմ Աբեղան։

 

 

 

Նորընծայ Հայր Սուրբը իր կանոնական ապաշխարութեան քառասունքի շրջանը կը բոլորէ Պատրիարքարանի համալիրին մէջ, որմէ ետք պիտի մատուցանէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Video: https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/194528562205755

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՈԳՇ. Տ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԻ

Ծնած է 1970-ին, Պաքըրգիւղ, Ստանպուլ։ Որդին է Սարգիսի եւ Մանուշակ Էլմաեանի։ Կը մկրտուի Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեանի։ Մանկութենէն կը յաճախէ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, ուր հայկական ձայնագրութեան դասեր կ՚առնէ Յովսէփ Պըտըլիկեանէ։ Կ՚ուսանի թաղի Տատեան, ապա Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Եըլտըզ Համալսարանի ճարտարապետութեան Ֆաքիւլթէին մէջ։ Շրջան մը անդամ կ՚ըլլայ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Գողթան Երգչախումբին, ապա կը մտնէ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ներսէսեան Դպրաց Դասու շարքերուն։ Կ՚ըլլայ անդամ, ապա քանիցս կ՚ընտրուի Տնօրէն Խորհուրդի անդամակցութեան։ Շրջան մը կը վարէ նաեւ նոյն Դասու դպրապետութեան պաշտօնը։ Զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ Մանիսայի եւ Իզմիրի մէջ, 1996-1997 շրջանին։ Հետեւած է Պատրիարքական Աթոռոյ զանազան շրջաններու կազմած հոգեւոր լսարաններուն։

Դպրութեան չորս աստիճանները կը ստանայ Մեսրոպ Եպս. Մութաֆեանէ, 13 Սեպտեմբեր 1987, Վերացման Ս. Խաչի Տօնին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ ուրար կրելու արտօ-նութիւնը՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Պատրիարքի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, 1 Յունուար 1992ին։ Կիսասարկաւագ կ՚ըլլայ 28 Նոյեմբեր 1999ին, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ, Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի ձեռամբ, լծակից ունենալով Անդրանիկ Տէմիրճիօղլուն։ Սարկաւագ կը ձեռնադրուի Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի ձեռամբ, 29 Դեկտեմբեր 2002ին, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, լծակից ունենալով Արէտ Անուշեանը (այժմ Թաթուլ Ծ.Վրդ.)։

Թուրքիոյ մէջ եւ արտասահմանի զանազան այցելութեանց ընթացքին կ՚ուղեկցի Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի, որպէս գաւազանակիր։ Աշխատակցիլ կը սկսի «Dünden Bugüne İstanbul» հանրագիտարանի, գրի առնելով Հայերու հետ առնչակից յօդուածներ (1993-1995), որոնցմէ մաս մը անջատաբար լոյս կը տեսնէ «Dünden Bugüne Beşiktaş» հատորին մէջ (1998)։ 1993-1994 շրջանին կը պատրաստէ Տատեան Վարժարանի 150ամեայ յուշամատեանին պատմական մասը, որ լոյս կը տեսնէ 2004ին։ Անդամ կը նշանակուի Պատրիարքական Աթոռոյ Շողակաթ Պատմաբանասիրական հանդէսին, ուր լոյս կը տեսնեն նաեւ իր յօդուածները (1995)։ Կը խմբագրէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի «Տեղեկութիւնք ի վերայ համազգային Եկեղեցական ընտրողական ժողովոյ վասն ընտրութեան հայրապետին ամենայն Հայոց» տեղեկագիրը (1995)։ Կ՚ընտրուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան 75ամեակի ցուցահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ կ՚աշխատակցի «75. Yılda Türkiye Ermenileri» գրքոյկի հրատարակութեան (1998)։ Կ՚աշխատակցի Եափը Քրէտի Հրատարակչութեան «Yaşamları ve yapıtlarıyla Osmanlılar» երկհատորեայ հանրագիտարանին (1999), Պատմութեան Հիմնարկի Թուրքիոյ քաղաքներու ուսումնասիրութեանց մատենագիտութեան (2001-2002)։ Կը խմբագրէ Կարպիս Մուրատեանի «Սկսայ ճանչնալ մարդիկը» (1999), Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահերի Պատարագամատոյցի աշխարհաբարի թարգմանութիւնը (1999), Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 75ամեակի յուշամատեանը (2005) եւ դեռ շարք մը գիրքեր։ Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի հետ կը գրէ Ներսէսեան Դպրաց Դասու 150ամեակի յուշամատեանը (2007), կ՚աշխատի Հրանտ Ասատուրի «Կոստանդնուպոլսոյ Հայերը եւ իրենց պատրիարքները», Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի «Պատմութիւն Արմաշու Դպրեվանքի» հատորներուն եւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կենսագրութեան վրայ։ Ռոյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշի հետ թրքերէնի կը թարգմանէ Ս. Բամպակեանի «Եհովայի կարծեցեալ վկաները» ուսումնասիրութիւնը (անտիպ)։ Առաջին իսկ օրէն մաս կը կազմէ Պատրիարքական Աթոռոյ Լրաբեր պաշտօնաթերթի խմբագրութեան։ 1987էն սկսեալ, նախ պատուակալ, ապա պաշտօնապէս աշխատակիցն է Պատրիարքական Աթոռոյ, ուր կը ծառայէ որպէս դիւանադպիր։

Վարիչն է Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական Յանձնախումբին։

Յօդուածները լոյս կը տեսնեն Ժամանակ, Մարմարա, Քուլիս, Ակօս, Արքիթէքթ թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ։

Գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Պատրիարքական Աթոռոյ գրեթէ բոլոր մշակութային ձեռնարկներուն։ Տարիներէ ի վեր կը պատրաստէ Եկեղեցական օրացոյցի եւ Օրատետրի Բ. մասը։

2006ին մաս կը կազմէ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի հիմնադրութեան, որուն վարիչն է մինչեւ այսօր։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, մասնակցած է զանազան ժողովներու, ուղերձներ արտասանելով։